2017-07-27 07:06:00

Ճորճիօ Արմանիի հայկական արմատները. Forbes Woman


Յայտնի Forbes Woman ամսագիրը պատմած է Ճորճիօ Արմանի նորաձեւութեան տան հիմնադիրի յաջողութեան պատմութեան եւ հայկական արմատներուն մասին, որ 215-րդ տեղը կը գրաւէ Forbes-ի  միջազգային վարկանիշին մէջ ($6.6 մլր):

2002-ին Forbes-ը  Ճորճիօ Արմանին համարեց աշխարհի ամենայաջողակ ձեւաւորողը: Սակայն անոր անձնական կեանքին մասին տեղեկատուութիւն չկար: 83-ամեայ Արմանին ինքնամփոփ է եւ շատ հազուադէպ  հարցազրոյց կու տայ:  Ճորճիոն ծնած է Իտալիա:

Անոր ծնողները մազապուրծ  եղած են հայոց ցեղասպանութենէն: Չնայած, որ Արմանին արիւնով իտալացի չէ, ան կը կիսէ այդ երկրի արժէքները, որոնցմէ գլխաւորն ընտանիքն է:

Ճորճիոն մեծցած է եղբօր եւ քրոջ հետ: Պատանի տարիքին ցանկացած է բժիշկ դառնալ, յետոյ ձգած է ուսումն ու բանակ գացած: Ժամանակ մը  ան տարուած է լուսանկարչութեամբ եւ այդպէս յայտնուած է նորաձեւութեան աշխարհին մէջ: Ան  հասցուցած է աշխատելու Էմանուէլ Ունկարոյի եւ Էրմենեջիլտօ Զէնայի հետ, մինչեւ որ 1975-ին ընկերոջ` Սերճիօ Կալէոտիի հետ գրանցած է Giorgio Armani S.p.A. ընկերութիւնը:

Արմանին տան մէջ աշխատելու ծրագիր  ստեղծած եւ բաժնած էր ընկերութիւնը ըստ  քանի մը ուղղութիւններու: Պատրաստի հագուստը կը թողարկուէր Armani Collezioni անուան տակ, երիտասարդական` Emporio Armani, ակնոցներ` Armani Occhiali եւ այլն: 1985-ին Սերճիոյի մահէն ետք գործին միացաւ Ճորճիոյի  քոյրը` Ռոզաննան:

Չնայած տարեց հասակին` Արմանին առաջուան  պէս ինքնուրոյն կը լուծէ ընկերութեան հիմնական հարցերը: Ան միակ բաժնետէրն է, նախագահն ու գործադիր տնօրէնը: Ձեւաւորողը մինչ օրս անձամբ կը նախագծէ  haute couture-ի բոլոր մոտելները, կը գրէ «Նովոստի Արմէնիան»:








All the contents on this site are copyrighted ©.