2017-07-27 07:09:00

Լուտերական Եպիսկոպոս Մունիպ Եունան արժանացաւ խաղաղութեան ՆԻՎԱՆՕ մրցանակին։


 (Ռատիօ Վատիկան) 27 յուլիս 2017-ին Ճափոնի մայրաքաղաք` Թոքիոյի մէջ տեղի կ՛ունենայ «ՆԻՎԱՆՕ» մրցանակի տուչութեան արարողութեան 34րդ փուլը որուն ընթացքին  այս տարի մրցանակը պիտի շնորհուի Յորդանանի եւ Սուրբ Երկրի Լուտերական Եկեղեցւոյ առաջնորդ` գերապայծառ Մունիպ Եունանին որ եղած է նաեւ Լուտերական համաշխարհային  դաշնակցութեան նախագահ։

Գերապայծառ Մունիպ վերոնշեալ մրցանակին արժանացաւ իր աշխատանքի մէջ օգտագործած յարատեւութեան ու սիրոյն համար ի սպաս Սուրբ Երկրի մէջ միջկրօնական երկխօսութեան զարգացումին։








All the contents on this site are copyrighted ©.