2017-07-27 08:59:00

Գերապայծառ Սիմոն Քասսասի ելոյթը միջին Արեւելքի եւ Պաղեստինի հարցերու մասին


«Ռատիօ Վատիկան» Նիւ Եորքի մէջ տեղի ունեցաւ ՄԱԿ-ի ապահովութեան խորհուրդին կողմէ կազմակերպուած  Արեւելքի եւ Պաղեստինեան հարցերու շուրջ կլոր սեղան, որուն ընթացքին  ելոյթ ունեցաւ    ՄԱԿ-ի մէջ Սուրբ Աթոռի  մնայուն դէտի առաքելութեան յանձնակատար՝  գերապայծառ Սիմոն Քասսան։ Ան իր ունեցած ելոյթին մէջ շեշտեց, թէ Ւսրայէլի եւ Պաղեստինի միջեւ  խաղաղութեան գործընթացը,  պէտք է շարունակէ ըլլալ միջազգային ընտանիքի առաջնահերթ խնդիրը։ 

Գերապայծառ Քասսան վերահաստատեց ապա Սուրբ Աթոռի դիրքը եւ վերոնշեալ երկու պետութիւններու միջեւ կայացած հարցին խաղաղ լուծման գործընթացի կարեւորութիւնը։   

Այս առընչութեամբ ան  մաղթանք յայտնեց, որ նոր աշխարհագրական  կարգաւորում մը ստեղծուի,  որուն մէջ  նախատեսուած  ըլլան  Իսրայէլի պետութիւնը՝ հարեւան երկիր ունենալով Պաղեստինի պետութիւնը  որոնց սահմանները ճանչցուած ըլլան  միջազգային ընտանիքին կողմէ։








All the contents on this site are copyrighted ©.