2017-07-26 08:45:00

Քրաքովիայի ԵՀՕ առաջին տարեդարձը։


(Ռատիօ Վատիկան) 26 Յուլիս 2016-ի երեկոյեան 17.30-ին, Քրաքովիայի Արքեպիսկոպոս` Կարդինալ Սթանիզլաւ Ճիվիչի գլխաւորած Սուրբ պատարագի արարողութեամբ, պաշտօնական բացումը կը կատարուէր Երիտասարդութեան համաշխարհային 31-րդ հաւաքին, որ տեղի կ՛ունենար Քրաքովիայի մէջ  որպէս բնաբան ունենալով  ''Երանի Ողորմածներուն որովհետեւ ողորմութիւն պիտի ընդունին''։

Քրաքովիայի ԵՀՕ առթիւ 27 Յուլիսի 2016-ի յետմիջօրէին Քրաքովիա կը ժամաներ նաեւ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը իր մասնակցութիւնը բերելու երիտասարդութեան այդ կարեւոր հաւատքին ու ներկաներուն փոխանցելու իր պատգամն ու քաջալերանքը։

Հաւաքին իրենց մասնակցութիւնը բերին նաեւ հայ կաթողիկէ երիտասարդներէ կազմուած 350 հոգինոց խումբ մը որոնց ընկերացան Հայ Կաթողիկէ եկեղեցւոյ կղերականներ­, գլխաւորութեամբ Հայաստանի, Վրաստանի, Ռուսիոյ եւ Արեւելեան Եւրոպայի Հայ Կաթողիկէներու առաջնորդ` Արհ Ռաֆայէլ Արքեպիսկոպոս Մինասեանին։

Լեհաստան կեցութեան ընթացքին Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը, մասնակցելէ զատ ԵՀՕ հաւաքի հանդիպումներուն, այցելեց նաեւ Լեհաստանի յատկանշական վայրեր ու գլխաւորեց կարեւոր արարողութիւններ, որոնց շարքին նշենք Լեհաստանի Քրիստոնէացման 1050 րդ տարեդարձին առթիւ Չեսթոքովայի Եազնա Կուրա Մարեմեան Սրբավայրը ուր` 28 Յուլիսին մատուցեց սուրբ պատարագը ապա Աուշվիցի համակեդրոնացման ճամբարը ուր Նորին Սրբութիւնը չուզեց ոչ մի խօսք արտասանել, այլ ամփոփուեցաւ լռութեան մէջ երկար ժամանակ յատկացնելով աղօթքին,   ուխտագնացութիւն կատարելով այն վայրերուն` ուր մարդը գործած է անասելի տմարդկային արարքներ։ Ցաւի ու տառապանքի վայրերու ծիրէն ներս Նորին Սրբութիւնը այցելեց նաեւ Քրաքովի մանկաբուժարանը։

28 Յուլիսի երեկոյեան ան ապա մասնակցեցաւ Երիտասարդներու Համաշխարհային Օրերու հաւաքին իրեն վերապահուած  հիւրընկալութեան արարողութեան ուր իր խօսքը ուղղելով երիտասարդներուն խրախուսեց զանոնք ըլլալու կեանքի ու պատմութեան դերակատարները, կերտելու եղբայրութեան կամուրջներ, մինչ ուրբաթ օրուայ երեկոյեան մասնակցեցաւ ԵՀՕ Խաչի ճանպահի արարողութեան, որուն աւարտին արտասանած իր խօսքին մէջ հրաւիրեց երիտասարդները` ողորմութեան վկաներ դառնալու եւ ըլլալու Աստուծոյ սիրոյ նշանները աշխարհին մէջ, հաստատելով թէ խաչի ճանապարհը յոյսի ճանապարհ է։

Հինգ օր տեւող առաքելական ճամբորդութեան վերջին օրը Սրբազան Քահանայապետը նախագահեց երիտասարդութեան հաւաքին եզրափակիչ սուրբ պատարագին, որուն աւարտին յայտարարեց թէ յառաջիկայ Երիտասարդական Համաշխարհային օրերու հաւաքը տեղի պիտի ունենայ 2019-ին` Փանամայի մէջ։

Նորին Սրբութիւնը խրախուսեց  երիտասարդները չի վախենալու, չի յուսահատելու եւ թոյլ չտալու որ ուրիշներ որոշումներ առնեն իրենց տեղ, այլ դառնալ դերակատարներ, հետքեր թողելով կեանքին ու պատմութեան մէջ, նայիլ ու ձգտիլ միշտ լաւագոյնին, ու երազել բարձր իրողութիւններ, ապա օրինակ դառնալ չափահասներուն ու անոնց սորվեցնել թէ ինչպէս կարելի է միասին ապրիլ հակառակ  մշակոյթներու եւ ինքնութիւններու տարբերութիւններուն, ապա գործել ի սպաս աւելի լաւ ու արդար աշխարհի մը, կառուցելով եղբայրութեան եւ սիրոյ կամուրջներ, սկսեալ մարդկային կամուրջէն զոր Նորին Սրբութիւնը պատուիրեց կառուցել այդ պահուն, հրաւիրելով բոլոր ներկաները ձեռք ձեռքի տալու։ 

ԵՀՕ հաւաքը սկիզբ կ՛առնէ այսօր եւ կը շարունակուի վաղը ամէն մէկ երիտասարդի տան մէջ, ըսաւ Քահանայապետը, ապա Տիրամօր բարեխօսութեամբ հայցեց Սուրբ Հոգիին շնորհքը որպէսզի լուսաւորէ եւ թիկունք կանգնի երիտասարդներուն ճանապարհորդութեան, Եկեղեցւոյ եւ աշխարհին մէջ, եւ որպէսզի անոնք ըլլան Աստուածային Ողորմութեան` աշակերտներն ու վկաները։








All the contents on this site are copyrighted ©.