2017-07-26 10:20:00

Մելպուրնի մէջ սկիզբ առին Կարդինալ Փելի դատավարութեան դատական նիստերը։


(Ռատիօ Վատիկան) 26 Յուլիսին Մելպուրնի մէջ տեղի կ՛ունենայ` Սուրբ Աթոռի Տնտեսութեան Քարտուղար Կարդինալ Ժորժ Փելի դատավարութեան դատական նախնական նիստը։ Կարդինալ Փել մեղադրուած է 70ական թուականներուն պատահած մանկամոլութեան հարցով։

Անցեալ 29 Յունիսին Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակը հրապարակած էր հաղորդագրութիւն մը որուն մէջ նշած էր թէ Սրբազան Քահանայապետը Կարդինալ Փելէն իմանալով հարցին պարունակութիւնը անոր շնորհեց «ազատ ժամանակ» որպէսզի կարենայ դատական նիստերուն մասնակցիլ եւ ինքզինք պաշտպանել։








All the contents on this site are copyrighted ©.