2017-07-26 09:31:00

Լուրտի Տիրամօր 15 արձաններ զետեղուեցան Ւրաքի Նինուէ նահանգի զանազան վայրերուն մէջ:


«Ռատիօ Վատիկան» 20-էն 25 յուլիս երկարող օրերուն, Լուրտի Տիրամօր 15 արձաններ զետեղուեցան Ւրաքի Նինուէ նահանգի այն բոլոր վայրերուն մէջ ուր  Ւսլամական Պետութիւն հռչակումէն ետք  ծայրայեղականները կործանած են  Տիրամօր արձաններն ու խաչերը։

«վերոնշեալ արարողութեան ներկայ գտնուող հաւատացեալները այդ գեղեցիկ դէպքը ապրած են  որպէս բնականոն կեանքի վերադարձի նշան»,  կը յայտնէ Ֆիտես լրատու գործակալութիւնը հաղորդելով, թէ Տիրամօր արձաններու եւ խաչերու զետեղումի նախաձեռնութիւնը յղացած է Ֆրանսական կաթողիկէ  «L'Oeuvre d'Orient» մարդասիրական հաստատութիւնը, որուն ընդհանուր տնօրէնը՝ Հայր Փասքալ Կոլնիշ, վերջերս Ւրաք այցելած ժամանակ իրազեկ դարձած է Ւրաքի մէջ տիրող վիճակին ինչպէս  նաեւ ականատես եղած  է  անթիւ  խաչերու, Տիրամօր եւ Յիսուսի արձաններու կործանումին։ 

Նշենք թէ անցեալ մարտ ամսոյն, Լուրտի տիրամօր արձանի նմանատիպ 15 արձաններ օրհնուեցան Գերպապայծառ Նիքոլաս Պրուվեթի կողմէ, ապա Լուրտէն՝ բեռնակիրով ուղարկուեցան Նինուէ նահանգ։

L'Oeuvre d'Orient ընկերակցութեան կողմէ հրապարակուած  մէկ հաղորդագրութեան   մը մէջ նշուած   է որ  «Ւրաքին մէջ  այժմ հաւատացեաները վերստին  կրնան Լուրտի Տիրամօր արձանին դիմաց աղօթել,  որ  միշտ զօրաւիգ  կանգնած է  գաղթականներուն»։








All the contents on this site are copyrighted ©.