2017-07-26 10:36:00

«Տառապող եկեղեցւոյ օգնութիւն» հաստատութեան օժանդակութիւնը Սուրիացի ընտանիքներուն


«Ռատիօ Վատիկան» «Տառապող եկեղեցւոյ օգնութիւն» հաստատութիւնը կ՝օժանդակէ հալէպի մէջ քրիստոնեայ  մեռելներուն արժանավայել  թաղում կազմակերպելու գործունէութեան։  

Սուրիոյ պատերազմի տագնապի տարիներուն, Սուրիացի անթիւ ընտանիքներ,  չկարողացան  իրենց մահացած հարազատներուն արժանավայել թաղումը կազմակերպել։  «Տառապող եկեղեցւոյ օգնութիւն» քահանայապետական բարեսիրական հաստատութիւնը 45 հազար եւրօ տրամադրած է  զօրակցելու համար  2013 – 2016 պատերազմի տարիներուն Հալէպի մէջ  մահացած 2461 քրիստոնեաներուն մնացած մասունքները հաւաքելու եւ անոնց թաղումը գերեզմանոցներու մէջ կատարելու  գործունէութեան։

Վերոյիշեալ քահանայապետական բարեսիրական հաստատութեան համամիութենական բնոյթ ունեցող օժանդակութեան մասին արտայայտուելով Գերապայածառ Ալխասի յարեց, թէ «Պատերազմը մեզի բացայայտել տուաւ  միութեան մեծ հրաշքը, որուն շնորհիւ այժմ մեր սիրելիները  կրնան  հանգչիլ  օրհնուած հողի մը մէջ»։  








All the contents on this site are copyrighted ©.