2017-07-25 09:06:00

Երաշտի վտանգի բերումով Վատիկանը կը փակէ շատրուանները։


(Ռատիօ Վատիկան) Հռոմը հարուածող երաշտի վտանգը Սուրբ Աթոռը մղեց ջուրի խնայողութիւն կատարելու եւ որոշում  առնելու ժամանակաւոր կերպով փակել Վատիկանը զարդարող բոլոր շատրուաններու ջուրերը։ Ընտրանք մը որ կը համապատասխանէ նաեւ Ֆրանչիսկոս Պապին «Գովեալ ըլլաս» շրջաբերականի մէջ պարունակուող ուսուցումներուն ուր ան կը յիշեցնէ թէ մաքուր եւ ըմպելի ջուրը առաջնակարգ կարեւորութիւն ունեցող հարց է, որովհետեւ ան անհրաժեշտ է մարդկային կեանքի համար։








All the contents on this site are copyrighted ©.