2017-07-23 13:23:00

Ֆրանչիսկոս Պապին կոչը Երուսաղեմի համար…Երկխօսութիւն եւ չափաւորութիւն։


 (Ռատիօ Վատիկան) Կիրակի` 23 յուլիսի կիրակնօրեայ Մարփմեան աղօթքի աւարտին Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը յատուկ կոչ մը ուղղեց ի նպաստ Միջին Արեւելքին­, դիտել տալով թէ մտահոգութեամբ կը հետեւի Երուսաղեմի մէջ կայացած ծանր բախումներուն եւ բռնութիւններուն։

«Կարիքը կը զգամ սրտաբուխ կոչ մը ուղղելու ի սպաս չափաւորութեան եւ երկխօսութեան» ըսաւ Նորին Սրբութիւնը աղօթք բարձրացնելով Ամենակալ Տիրոջ որպէսի ներշնչէ հաշտութեան եւ խաղաղութեան առաջարկներ։

նշենք թէ բախումներն ու բռնութիւնները յառաջ եկան անցեալ օրերուն իսրայէլեան նախարարաց սեղմ խորհուրդին որդեգրած որոշումի բերումով «Աքսայի մզկիթի մուտքերուն առջեւ ելեկտրոնային դռներ զետեղուելու»։








All the contents on this site are copyrighted ©.