Կը նախատեսուի, որ ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդը այսօր արտակարգ նիստ մը գումարէ` քննելու համար Երուսաղէմի վերջին դէպքերը: Յորդանանի պահանջով տեղի ունենալիք այս նիստին պիտի յաջորդէ նաեւ այլ նիստ մը` Արաբական լիկայի արտաքին գործոց նախարարներու մակարդակով: Քննարկումներուն առանցքները պիտի կազմեն Երուսաղէմի եւ յատկապէս Աքսայի մզկիթին շուրջ ծագած վերջին իրադարձութիւնները:
Նշենք, որ անցնող շաբաթավերջին իսրայէլեան ուժեր 1969-էն ի վեր առաջին անգամ ըլլալով արգիլեցին պաղեստինցիները, որ Աքսայի մզկիթին մէջ նամազ կատարեն: Անոնք ելեկտրոնային դռներ անցարգելներ հաստատեցին մզկիթին շուրջ: Երէկ իմացուեցաւ, թէ իսրայէլեան ուժերը սկսած են քակել ու վերացնել նշեալ դռները` զանոնք փոխարինելով ելեկտրոնային այլ անցարգելներով, ուրկէ կարելի է նշմարել անցորդներուն կրած մետաղեայ արգիլեալ գոյքերը (դաշոյն, զէնք, ռումբ…):
Աքսայի մզկիթին այս դէպքը դատապարտումի եւ ընդվզումի լայն ալիք յառաջացուցած էր պաղեստինեան թէ արաբական կարգ մը շրջանակներու մօտ:
Արաբական լիկան կարմիր գիծ նկատած էր Աքսայի մզկիթը: Ընդհանուր քարտուղար Ահմետ Ապուլ Ղէյթ բուռն կերպով քննադատած էր Իսրայէլը Աքսայի մէջ կիրարկուող կաշկանդումներուն համար:
Պաղեստինեան իշխանութեան նախագահ Մահմուտ Ապպաս առկախած է Իսրայէլի հետ բոլոր բանակցութիւնները` իբրեւ բողոք Աքսայի մզկիթին դէմ որդեգրուած միջոցառումներուն:
All the contents on this site are copyrighted ©. |