2017-07-22 08:35:00

Իռլանդայի մէջ դրամահաւաք ի նպաստ Ափրիկէի Եկեղեցւոյ


(Ռատիօ Վատիկան) 22 եւ 23 յուլիսին Իռլանդայի Եպիսկոպոսներու համահաւաք դասի նախաձեռնութեամբ կազմակերպուած է ազգային դրամահաւաք ի նպաստ Ափրիկէի երկիրներու եկեղեցիներուն (Քենիա, Հարաւային Սուտան, Սոմալիա եւ Եթովպիա) որպէս օգնութիւն` սովէն տառապող ափրիկեցիներուն։

Հաւաքուած դրամով ուտեստեղէն, ջուր  եւ առողջապահական խնամակալութիւն պիտի մատակարարուի աւելի քան 25 միլիոն անձերու։








All the contents on this site are copyrighted ©.