2017-07-21 07:24:00

Ֆրանչիսկոս Պապը Քոլոմպիայի մէջ՝ խաղաղութեան ի նպաստ քայլ մը։


(Ռատիօ Վատիկան) Ի տես յառաջիկայ 6 էն 11 Սեպտեմբերին Ֆրանչիսկոս Պապին Քոլոմպիա կատարելիք առաքելական ճամբորդութեան, Քոլոմպիայի եպիսկոպոսական համահաւաք դասի նախագահը՝ գերապայծառ Ոսքար Ուրպինա Օրթեկա,  երկրին անկախութեան 2017-րդ տարեդարձին առթիւ հրապարակած մէկ լսատեսողական պատգամի մը միջոցաւ խրախուսած է Քոլոմպիացիները, առաջին քայլը կատարելու՝ հաշտուելու համար նախ Աստուծոյ հետ, ապա եղբայրներուն հետ, հուսկ արարչութեան հետ։ Ան ապա հաստատած է, թէ Ֆրանչիսկոս Պապին այցելութիւնը Քոլոմպիա կարեւոր պահ մը պիտի հանդիսանայ երաշխաւորելու ու քաջալերելու համար խաղաղութեան գործընթացը։

Ռատիօ Վատիկանի հետ ունեցած մէկ զրոյցի մը ընթացքին, Գերապայծառ Ուրպինա դիտել տուած է, թէ Քահանայապետը պիտի գտնէ նորածին Քոլոմպիա մը զոր կարիքը ունի քաջալերանքի, որպէսզի  աճի ու զարգանայ Աւետարանի լոյսին տակ ու անոր վկայութեամբ։

Գերապայծառ Ուրպինա ընդգծած է նաեւ բնապահպանութեան հարցի կարեւորութիւնը Ֆրանչիսկոս Քահանայապետի «Գովեալ ըլլաս» շրջաբերականի լոյսին տակ, հուսկ մատնանշելով խաղաղութեան ու ազգային հաշտութեան նշած է, թէ «անձ մը որ հաշտուած է Աստուծոյ հետ կարող է նաեւ հաշտուիլ մերձաւորին հետ ու կարող է նաեւ հաշտուիլ արարչութեան հետ» այս առընչութեամբ ընդգծելով  Եկեղեցւոյ կարեւոր դերակատարութիւնը։








All the contents on this site are copyrighted ©.