2017-07-21 09:24:00

Տօնակատարութեամբ պիտի նշուի գանձասարի օծման 777-ամեակը


Արցախի մշակոյթի եւ երիտասարդութեան հարցերու նախարարութեան նախաձեռնութեամբ՝ Յուլիս 23-ին Գանձասարի Սուրբ Յովհաննէս Մկրտիչ եկեղեցւոյ օծման 777-ամեակի եւ Վարդավառի տօնի առիթով տեղի պիտի ունենայ տօնակատարութիւն:

Գանձասարի  Սուրբ Յովհաննէս եկեղեցւոյ մէջ մատուցուող  Սուրբ  պատարագին պիտի յաջորդեն մատաղի օրհնութիւն ու բաժանում եւ տօնախմբութիւն` վանական համալիրի տարածքին մէջ:

Տօնին առթիւ «Գանձասար» գիտամշակութային կեդրոնին` մատենադարանին մէջ պիտի կայանայ «Գանձասարը պատմական փաստաթղթերում» խորագիրով ցուցադրութիւն:

Նոյն օրը, ժամը 19:00 -21:00 վանք գիւղի «էկլեկտիկա» հիւրանոցային համալիրի տարածքին համերգներով հանդէս պիտի գան «Արցախի ձայներ»-ը, «Մենք ենք, մեր սարերը» երգի-պարի եւ «Դուդուկներ» խումբերը:








All the contents on this site are copyrighted ©.