2017-07-21 14:23:00

Վանականութիւն «Խ»


Կրօնաւորական կեանքը ապրուած առաքինութիւն է եւ հոգիի փրկութեան ճանապարհ մը։ Կրօնաւորները, իրենց առաքինի վարքով՝ լոյս եւ բարի օրինակ են աշխարհի համար։ Այսօրուան հաղորդումին մէջ լսենք մեր հայրապետներու խօսքերը կրօնաւորներու եւ վանականներու մասին, ուր կը խօսին առաքինի վարքի, հոգիի փրկութեան եւ բարի օրինակի մասին։

Սուրբ Ներսէս Շնորհալի հայրապետ, կրօնաւորները իրենց «աղօթքով եւ բարի վարքով»՝ կʼորակէ «սիւնք աշխարհի եւ պարիսպ ընդդէմ թշնամւոյն։» Առաքինութիւններու կիրարկումը անհրաժեշտութիւն մըն է կրօնաւորին համար։ Աստուծոյ տուած պարգեւները եւ ազատութիւնը պէտք է կիրարկուին սրբութեան հասնելու համար, ինչպէս կը շարունակէ Ներսէս Շնորհալի՝ «եւ երանի թէ ազատութիւնը, որ Աստուած մեր բնութեան տուած է, բարի կերպով կիրարկեն, այս ինքն ազատ ըլլալով ախտերէն։» Առաքինի կեանքը կամ սրբութիւնը ոչ միայն հեռու մնալ է մեղքէ, այլ կիրարկուած առաքինութիւններու ամբողջութիւն մըն է։ «Որովհետեւ ոչ միայն պահքի եւ աղօթքի եւ այլ նման առաքինութիւններու միջոցաւ Աստուած կը վարձատրէ արդիւնք տուողները եւ Իր պատուիրանը պահողները, այլ առաւել եւս, եկեղեցւոյ հանդէպ՝ գործով եւ ջանքով եւ ամէն կերպով հաւատարիմ եղողները» կը գրէ Սուրբ Ներսէս Շնորհալի։

Առաքինի կեանք կը նշանակէ նաեւ, ունենալ հոգեկան խաղաղութիւն եւ չտարուիլ արտաքին ազդեցութիւններէ։ Եզնիկ Կողբացի կը գրէ՝ «Եթէ քեզի սէր ցուցաբերեն, գոհ եղիր Աստուծոյ. եւ եթէ այդպէս չընեն, մի՛ տրտնջեր, եւ անձդ որեւէ բանով մի՛ տրտմեցներ. այլ ինքզինքդ քիչ մը լռութեամբ նեղէ. որովհետեւ պատերազմող անձին ժուժկալութիւն պէտք է։»

Մարդիկ կը քաշուէին անապատները իբր ճգնաւոր կամ կրօնաւոր կամ վանական, ոչ թէ լճացած կեանք մը ապրելու համար, ոչ թէ փախուստ տալու աշխարհէն, այլ որպէսզի հայեցողական ապրումի, ներանձնութեան եւ աղօթքի միջոցով կարենային ձգտիլ հոգիի փրկութեան։ Հոգիի փրկութիւնը անհրաժեշտութիւն մըն էր։ Մանդակունի Հայրապետ պահոց ճառին մէջ կը գրէ «երկրի վրայ մահացուցին ցանկութիւնները, եւ այդպէսով հոգիներուն կենդանութիւն տուին երկնքի մէջ։ Երկնաւոր բաներով՝ երկնքի համար գանձ դիզեցին, եւ մարմնաւոր աշխանտաքով հոգիներու համար գանձ ամբարեցին։» Վանականներու եւ կրօնաւորներու պահեցողութիւնը եւ ճգնութիւնները ինքնանպատակ չեն, այլ կը ծառայեն հոգիի փրկութեան, ինչպէս կը գրէ Ներսէս Շնորհալի՝ «Թէեւ ձեր տրամադրութեան տակ առատ կերպով կերակուր եւ ըմպելիք ունիք, սակայն ձեր հոգիներուն խնայելու համար՝ ագահութեամբ եւ որկրամոլութեամբ մի վարուիք անոնց հետ։» Հոգիի փրկութիւնը անհրաժեշտութիւն մըն է. հետեւաբար նոյնիսկ անբաղձալի բնակավայրի փոփոխութիւնը թոյլատրուած է երբ հարցը կը հայի հոգիի փրկութեան, ոչ սակայն մարմնաւոր պատճառներով, «որովհետեւ, բացի հոգիի վնասի պատճառով» ուր «պէտք է լքել եւ հեռանալ, ինչպէս կը հրամայէ Սուրբ Գիրքը, մարմնաւոր պատճառով տեղը փոխելը թոյլ չեն տար։»

Մարդիկ վանք կը քաշուէին դառնալու «լոյս աշխարհի եւ աղ երկրի» (Մտթ Ե. 13-16)։ Կրօնաւորները աշխարհէ եւ կեանքէ հեռու եւ անհասկացող մարդիկ չեն։ Յուսիկ Եպիսկոպոս խօսելով այն կրօնաւորներու մասին, որոնք Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ իր հետ բերած էր Սեբաստիայէն, կը գրէ. (Ս. Գրիգոր) «թողեց որ կրօնաւորական կեանք վարեն նորահաւատներին քրիստոնէական առաքինութեան եւ բարեպաշտութեան օրինակ հանդիսանալով։» Շնորհալի Հայրապետին խօսքերն են՝ կրօնաւորներու «բարի եւ լուսաւոր վարքով մշտապէս կը փառաւորուի ձեր Հայրը որ երկնքի մէջ է։» Օրինակ հանդիսանալ՝ կը նշանակէ քրիստոնէական կեանքի ապրում եւ ոչ աշխարհախոյս եւ անբնական վիճակ։ Ն. Շնորհալի կը յորդորէ՝ «Ձեզմէ ոչ մէկը լեզուով գէշ բաներ խօսելով, կամ անպատշաճ արարքներ գործելով՝ դուրսիններուն պատճառ դառնայ անդուռ բերանները բանալու եւ սուրբ հաւատքին հայհոյելու։ Պարտ եւ պատշաճ պիտի ըլլար, որ այն պարագային որ կրօնաւոր մը հարկաւոր պատճառով մը աշխարհի մէջ բնակէր, աշխարհականներու համար լուսատու ըլլար աստուածային եւ ուղիղ վարքով, որպէսզի Աստուծոյ անունին փառք ըլլայ, եւ ոչ թէ հայհոյութիւն։»

Ծերութեան եւ հիւանդութեան պարագային, ուր վանքերուն մէջ համապատասխան խնամք չկար, Հայ Եկեղեցին թոյլ կու տար որ կրօնաւորներ վանքէն դուրս ալ բնակէին, սակայն զգուշանալով, որ վատ օրինակ չհանդիսանան, ինչպէս կը յիշէ Ներսէս Շնորհալի՝ «Սակայն կը բնակին աշխարհի մէջ ուղիղ եւ ոչ բամբասելի վարքով։ Ձեր մէջ ոչ ոք գտնուի որ արտաքսապէս իբր կրօնաւոր զգեցած է, եւ սակայն ինքզինք գինիի չափազանցութեան տալով՝ սուրբ կարգին արբեցողի բամբասանքի առիթ տայ. որովհետեւ մէկ հոգիի անկարութեամբ անոր բոլոր կարգակիցները կʼանգոսնուի աշխարհականներէ եւ այլազգիներէ։» Սուրբ Ներսէս Շնորհալի կը շարունակէ՝ «Ձեր խորհուրդները, խօսքերը եւ գործերը, եւ հոգւոյ ու մարմնի բոլոր շարժումները ըլլան այնպէ՛ս պարկեշտ եւ աստուածավայելուչ, որպէս զի Աստուծոյ անունին եւ կրօնաւորական կարգին հայհոյութեան եւ պարսաւանքի առիթ չտան, այլ գովութեան եւ փառաւորութեան պատճառ ըլլան տեսնողներուն եւ լսողներուն։»








All the contents on this site are copyrighted ©.