2017-07-21 09:06:00

Մուսուլի ազատագրման ճակատամարտին ընթացքին սպաննուած են աւելի քան 40 հազար քաղաքայիններ


«Ինտիփենտընթ» օրաթերթը հրապարակած է զեկուցում մը, որ կը նշէ, թէ ըստ գաղտնի սպասարկութիւններու զեկուցումներու, Մուսուլի ազատագրման ճակատամարտին ընթացքին սպաննուած են աւելի քան 40 հազար քաղաքայիններ` աւելցնելով, որ զոհերուն թիւը կառավարական կարգ մը կողմերու նախատեսութենէն շատ աւելի է:

Ըստ քրտական գաղտնի սպասարկական աղբիւրներու, «պաշարուած քաղաքին մէջ գտնուող իրաքցիները սպաննուեցան զինեալները քաղաքէն դուրս մղելու ձգտող իրաքեան ուժերուն, օդային հարուածներու եւ ՏԱՀԵՇ-ի զինեալներուն կողմէ»:

Պաղտատի մէջ բարձրաստիճան պաշտօնատար մը յայտնած է, որ «բազմաթիւ զոհեր տակաւին կը գտնուին փլատակներուն տակ»` աւելցնելով. «Քաղաքին մէջ մարդկային ողբերգութիւնը աննկարագրելի է»:








All the contents on this site are copyrighted ©.