2017-07-21 08:53:00

Թեքսասի Էլ Փազօ թեմի եպիսկոպոսին նամակը. Գաղթականները ընկալել ՝ Աւետարանին համաձայն։


«Ռատիօ Վատիկան»  Թեքսաս մարզի Էլ Փազօ թեմի եպիսկոպոս՝ Գերապայծառ Մարք Սեյզ, հովուական նամակով  մը քննադատած է ԱՄՆ-ի գաղթականներու նկատմամբ որդեգրած քաղաքականութիւնը  զայն նկատելով, որպէս պատճառ ընտանիքներուն բաժանումին։

Գերապայծառը նամակին մէջ յայտնած է, թէ  կարելի չէ որպէս պատճառ գտնել երկրի ապահովութեան  դրոյթը,  կառուցելու համար պատնէշներ՝ գաղթականներուն դիմաց փակելով դռները։  Ան կոչ ուղղած է Կաթողիկէներուն,  անսալու եկեղեցւոյ ուսուցումներուն, ընկալելու համար գաղթականները  նշելով, թէ   Աստուած աշխարհ մը ստեղծած  է,  որուն  մէջ  տեղ կը գտնենք բոլորս։    Գերապայածառ Մարք Սեյզ,  իրեն որպէս պարտականութիւն համարելով՝հետեւիլ  Յիսուս Քրիստոսի աւետարանին,  նշած է,  թէ   պէտք է մեր մէջ գտնուող օտարականներուն հետ վերաբերուիլ  որպէս անդամ  մեր ընտանիքներուն։

Գերապայծառը ապա նամակին մէջ  յիշած է  Ֆրանչիսկոս Պապին  Մեքսիքոյի եւ Ամերիկայի սահմանագիծի  տարածքին մէջ  մատուցած Սուրբ Պատարագը,  որուն ընթացքին  Նորին Սրբութիւնը զօրաւոր կոչ  յղած էր  գաղթականներու շահագործումի  եւ անոնց սպանութեան դէմ։

Ան նամակը  եզրափակած է   գրելով «բաժնուած ենք պատնէշէ  մը , գէտէ մը , մեկուսացած տնտեսականութենէ ,  ինչպէս նաեւ գաղթականներու ի նպաստ անարդար քաղաքականութենէ,  սակայն՝ այս բոլորին հանդերձ, Քրիստոս  նոր մարդկութիւն կը կերտէ,  բոլորս  միասնաբար առաջնորդելով  դէպի նոր Երուսաղեմ »։








All the contents on this site are copyrighted ©.