2017-07-21 07:20:00

Գերապայծառ Եուրքովիչ. գաղթականները համաշխարհայնացումի մարդկային դիմագիծն են։


(Ռատիօ Վատիկան) Ժենեվի մէջ ՄԱԿ-ի կեդրոնի մօտ Սուրբ Աթոռի մնայուն դէտ` գերապայծառ Իվան Եուրքովիչ ելոյթ ունենալով գաղթականութեան մասին մէկ հանդիպումին հաստատեց թէ գաղթականները կը ներկայացնեն համաշխարհայնացումի մարդկային դիմագիծը եւ թէ անոնք կարող են սատարել ու խաղաղութեան յարաբերութիւններ մշակել երկիրներու միջեւ, հարստացնելով այդ ընկերութիւններու մշակոյթը. Թէեւ` դիտել տուած է վատիկանի դիւանագէտը լրատուական միջոցներն ու հանրային կարծիքը տարբեր ձեւով կը նային այս երեւոյթին։

Գերապայծառ Եուրքովիչ ապա ակնարկած է Քահանայապետին առաջարկած «զօրակցութեան պարտականութեան» հանդէպ բոլոր անոնց որոնք տկար, աղքատ, դժբախտ ու խոցելի են ինչպէս նաեւ ընդգծած է գաղթականներու պարտականութիւնը` յարգելու զիրենք հիւրընկալող երկիրներու օրէնքները։








All the contents on this site are copyrighted ©.