2017-07-21 12:52:00

Ափրիկէի մէջ երաշտ։ Ֆրանչիսկոս Պապին նուիրատուութիւնը ՖԱՕ-ին


(Ռատիօ Վատիկան) Արեւելեան Ափրիկէն հարուածող սովին երաշտի ու սննդեղէնի պակասին ի տես Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը ուզեց  խորհրդանշական նուիրատուութիւն մը ընել ՖԱՕ-ին որպէս մասնակցութիւն կազմակերպութեան ձեռնարկած ծրագիրներուն ի նպաստ Ափրիկէի բնակչութեան։

«Մղուած կառավարութիւնները քաջալերելու իղձէն կը փափաքիմ միանալ ՖԱՕ-ի ծրագրին, սատարելու համար գիւղական ընտանիքներուն, որոնք կ՛ապրին այդ տարածքներու վրայ ուր տեսանելի են հակամարտութիւններու հետեւանքներն ու  երաշտը։ Այս ժեստը սատար է այն աշխատանքին զոր Եկեղեցին յառաջ կը տանի իր կոչումին համաձայն` որ է ըլլալ մօտիկ աշխարհի աղքատներուն ու առաջնորդել բոլոր անոնց յանձնառումը որոնք կը գործեն անոնց ի նպաստ» գրած է Քահանայապետը ՖԱՕ-ի յղած իր պատգամին մէջ։

Նշենք թէ Նորին Սրբութեան նուիրատուութեան գումարը 25 հազար Եւրօ է։








All the contents on this site are copyrighted ©.