2017-07-21 08:45:00

«Խաղաղութեան ուղիներ» միջազգային հանդիպումի ծրագիրին ներկայացում։


«Ռատիօ Վատիկան» Ուրբաթ, 21 յուլիսի առաւօտեան, ժամը 11.30ին,  Սան Էճիտիոյ հասարակութեան  նախագահ` Տիար Մարքօ Ւմփալիացցօ, մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին,  կը ներկայացնէ  «Խաղաղութեան  ուղիներ»  խորագիրով եւ « Ասսիզիի հոգիով»   Գերմանիոյ Մունսթեր  եւ Օսնապրուք  քաղաքներուն մէջ կայանալիք միջազգային  հանդիպումին ծրագիրը։

Վերոնշեալ «Խաղաղութեան ուղիներ» ծրագիրը  յայտարարուած  էր անցեալ սեպտեմբեր ամսոյն ընթացքին, Ֆրանչիսկոս Պապի ներկայութեամբ՝ Ասսիզի մէջ  կայացած,  խաղաղութեան    աղօթքի  30 –րդ օրուան ընթացքին, Սուրբ Յովհանէս Պօղոս  Բ քահանայապետին ձեռնարկած Ասսիզիի  Խաղաղութեան միջ-կրօնական աղօթքի տարեդարձին առթիւ։

Միջազգային հանդիպումին նպատակն է Եւրոպայի սրտէն խաղաղութեան զօրեղ պատգամը մը սփռել, ոչ ըսելու համար  ահաբեկչութեամբ եւ բազմաթիւ  պատերազմներով յատկանշուած աշխարհին,  ուր  կը քանդուին համայն երկիրներ, պատճառելով մեռեալներ, հազարաւոր գաղթականներ եւ աւերներու կը շահագործուին  կրօնները։

Միջազգային հանդիպումին նախատեսուած է.  որ իրենց մասնակցութիւնը բերեն  եւրոպական երկիրներէն տարբեր ներկայացուցիչներ, ինչպէս նաեւ եկեղեցական, քաղաքական բարձրաստիճան անձնաւորութիւնները։








All the contents on this site are copyrighted ©.