2017-07-20 10:51:00

նախարար Լեւոն Մկրտչեան կը շնորհաւորէ Զմմառու կղերի միաբանութեան դպրեվանքի տեսչութիւնը


Զմմառու պատրիարքական կղերի միաբանութեան` Ս. Միքայէլ ընծայարանի եւ երանելի Իգնատիոս Մալոյեան դպրեվանքի տեսուչ Բարսեղ վրդ. Պաղտասարեանը, փոխտեսուչ Մաշտոց վրդ. Զահթէրեանն ու հայոց լեզուի դասատու Սօսէ Փիլաւճեանը երեքշաբթի, 11 յուլիս 2017-ի առաւօտուն ժամը 10-ին հիւրընկալուեցան Լիբանանի մէջ Հայաստանի դեսպան Սամուէլ Մկրտչեանին կողմէ, որ ջերմօրէն ընդունեց զանոնք: Տեսուչ վարդապետին Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանին այցելութեան նպատակն էր` ստանձնելու կրթութեան եւ գիտութեան նախարար Լեւոն Մկրտչեանին յղած շնորհաւորագիրը` ի տես նշեալ դպրեվանքի եւ ընծայարանի անցնող 6 տարիներու կրթական-հոգեւոր եւ ազգային ոլորտներու մէջ արձանագրած բազում յաջողութիւններուն եւ ձեռքբերումներուն, որոնք արգասիքն են դպրեվանքի եւ հայրենիքի կարգ մը գերատեսչութիւններու միջեւ գոյացած համագործակցութեան:

Շնորհաւորագրին մէջ նախարար Լեւոն Մկրտչեան անդրադարձած է դպրեվանքին մէջ ծաւալուած դաստիարակչական կարեւոր աշխատանքին. «Ընդունէք իմ ջերմագին ողջոյններն ու բարեմաղթանքները Լիբանանի Զմմառեան դպրեվանքի անցնող վեց տարիներին արձանագրած մեծաթիւ յաջողութիւնների կապակցութեամբ: Ուրախ եմ, որ լինելով տարածաշրջանի առաջին կրթօճախը` դպրեվանքը կարողացել է յաջողութեամբ իրականացնել եւ իր համեստ աւանդը ներդնել հայոց եկեղեցու սպասաւորներ պատրաստելու եւ սփիւռքում հայագիտութեան պահպանման ու տարածման նուիրական աշխատանքը արժանապատիւ կատարելու գործում: Ցանկանում եմ, որ այսուհետեւ եւս դպրեվանքը շարունակի իր արդիւնաւէտ աշխատանքը եւ մաղթում` նորանոր յաջողութիւններ ու ամենայն բարիք»:

Դեսպանն իր հերթին շնորհաւորելէ եւ բարեմաղթանքներ կատարելէ ետք դրուատանքով արտայայտուեցաւ դպրեվանքիս հասցէին եւ Հայաստանի կրթութեան եւ գիտութեան նախարարին յղած շնորհաւորագիրը յանձնեց դպրեվանքի տեսուչին:

Այնուհետեւ յիշատակի լուսանկարով անմահացուցին պատմական այս պահը:

ԼՐԱՏՈՒԱԿԱՆ ԳՐԱՍԵՆԵԱԿ ԶՄՄԱՌԵԱՆ Ս. ՄԻՔԱՅԷԼ ԸՆԾԱՅԱՐԱՆԻ ԵՒ ԵՐ. ԻԳՆԱՏԻՈՍ ՄԱԼՈՅԵԱՆ ԴՊՐԵՎԱՆՔԻ








All the contents on this site are copyrighted ©.