2017-07-19 12:18:00

Ֆրանչիսկոս Պապին հրապարակային ունկնդրութիւններու առանցքը` Քրիստոնէական յոյսը


(Ռատիօ Վատիկան) Տարիներու ընթացքին աւանդութիւն դարձած է որ Յուլիս ամսուայ ընթացքին դադրին Քահանայապետի պաշտօնական գործունէութիւնները ներառեալ հրապարակային ունկնդրութիւնները որոնք ապա կը վերսկսին օգոստոս ամսուայ սկիզբը։

Հրապարակային ունկնդրութիւններ շնորհելու սովորութիւնը սկիզբ առած է Պօղոս Զ Քահանայապետի օրով եւ 1975-ի յոբելենական Սուրբ տարուայ ընթացքին, Հռոմ ժամանող հաւատացեալներու եւ ուխտաւորներու թիւի աճումի բերումով որոշուեցաւ այդ ունկնդրութիւններու ունկնդրութեան վայր ընտրել Սուրբ Պետրոսի հրապարակը։ Այդ օրէն սկսեալ այդ ունկնդրութիւնները կը կատարուին հրապարակի վրայ, մինչ ձմեռային ամիսներու ընթացքին ունկնդրութիւնները տեղի կ՛ունենան  ''Ներվի կամ Պօղոս Զ անուան Սրահին մէջ'', զոր երջանկայիշատակ Երանելի Պօղոս Զ Պապը զայն կառուցել տուած էր այդ դիտաւորութեամբ։

Հրապարակային ունկնդրութիւնները, ինչպէս նշած էինք անցեալին, սկիզբ կ՛առնեն ընդհանրապէս օրուան աւետարանական ընթերցումով զոր զանազան խօսնակներ կը ներկայացնեն տարբեր լեզուներով, ապա կը ներկայացուի Սրբազան Քահանայապետին խորհրդածութիւնը որուն համառօտ ներկայացումը կը կատարուի տարբեր լեզուներով։ Խորհրդածութիւնները ընդհանրապէս ունին կեդրոնական նիւթ մը որուն վրայ հիմնուելով է որ Քահանայապետերը կը ներկայացնեն օրուան մտածականը, ինչպէս զոր օրինակ ողորմութեան սուրբ տարուայ ընթացքին Ֆրանչիսկոս Պապ ընտրած էր ողորմածութեան նիւթը, մինչ այս տարուայ խորհրդածութիւններու առանցքը հանդիսացաւ «Քրիստոնէական յոյսը»։

Յոյս որ կը հիմնուի մեր Փրկիչ Յիսուս Քրիստոսի վրայ ու Աստուծոյ` մարդկութեան հանդէպ ունեցած անհուն սիրոյն վրայ։ Այսպէսով Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը ամէն չորեքշաբթի օր Սուրբ Պետրոսի հրապարակին վրայ համախմբուած հազարաւոր ուխտաւորներուն ներկայացուց քրիստոնէական յոյսի մասին խորհրդածութիւն մը, մերթ ընդ մերթ ներշնչուելով նաեւ սուրբ գիրքի ու աւետարանի մէջ պարունակուած պատմութիւններէն ու յոյսի տիպարներէն, ինչպէս եղաւ պարագան մարտիրոսներուն որոնց մասին անդրադառնալով Նորին Սրբութիւնը հաստատեց թէ անոնց ուժը կը կայանայ նոյնինքն քրիստոնէական յոյսին մէջ որ վստահելի է ու խաբկանքի չի մատներ։ Ֆրանչիսկոս Պապ ի մէջ այլոց անդրադարձ կատարեց նաեւ յոյսին որպէս «աղբիւր  փոխադարձ մխիթարութեան ու խաղաղութեան» ապա բաղդատութիւններ դրաւ ընդմէջ աշխարհիկ յոյսերուն եւ Խաչին յոյսին, խրախուսելով յուսալ հակառակ ամէն յոյսի ու ընդգծելով թէ  Յիսուսին մեզի տուած խոստումը թէ ինք մեր հետն է մինչեւ աշխարհին կատարածը ամենամեծ յոյս ներշնչող խոստումն է։








All the contents on this site are copyrighted ©.