2017-07-19 11:01:00

Պոլսոյ պատրիարքական ընտրութեան թուականները պիտի յստականան 20 յուլիսի ժողովին


ՊՈԼԻՍ.- Նախաձեռնարկ մարմնի բանբեր իրաւաբան Սեպուհ Ասլանկիլ Չորեքշաբթի, 12 Յուլիսի առաւօտեան Պոլսոյ «Ժամանակ» թերթին յայտնեց, որ պատրիարքական ընտրութեան գործընթացի ժամանակացոյցը թուականներու առումով յստականալու պիտի սկսի Յուլիսի 20ին, պատրիարքարանին մէջ Պոլսոյ եկեղեցիներու մատակարար մարմիններու ներկայացուցիչներուն հետ նախատեսուած խորհրդակցութեան լոյսին տակ:

«Առանց թաղերուն հետ խօսելու եւ համաձայնեցնելու չենք կրնար թուականներու նիւթին շուրջ վերջնական որոշում մը տալ», յայտնեց Սեպուհ Ասլանկիլ:








All the contents on this site are copyrighted ©.