2017-07-19 08:34:00

Արցախի մէջ գինիի, քոնեակի արտադրութիւնը աճած է


2017 Յունուար-Մայիս ամիսներուն, Արցախի մէջ արտադրուած է 60.7 հազար լիթր գինի, որ նախորդ տարուան նոյն ժամանակահատուածին համեմատ աճած է 23.4 տոկոսով:

ԼՂՀ ազգային վիճակագրական ծառայութեան հրապարակած տուեալներուն համաձայն` 2016 Յունուար-Մայիսին հանրապետութեան մէջ արտադրուած է 49.2  հազար լիթր գինի:

ԼՂՀ ԱՎԾ փոխանցած տեղեկութիւններով` նշուած ժամանակահատուածին աւելցած է նաեւ քոնեակի արտադրութիւնը. 2016-ի Յունուար-Մայիսին Արցախի մէջ արտադրուած է 3.3 հազար լիթր քոնեակ, իսկ այս տարուան նոյն ժամանակահատուածին` 11.1 հազար լիթր:








All the contents on this site are copyrighted ©.