2017-07-19 11:08:00

Արամ Ա. Ուաշինկթընի մէջ պիտի մասնակցի միջին արեւելքին նուիրուած համաժողովին


Արամ Ա. կաթողիկոս Պիքֆայայի Սուրբ Աստուածածին վանքին մէջ ընդունեց յառաջիկայ Հոկտեմբերին Ուաշինկթընի մէջ տեղի ունենալիք Միջին Արեւելքին նուիրուած համաժողովին պատասխանատուները:

«Ի պաշտպանութիւն Միջին Արեւելքի քրիստոնէութեան» շարժումը Միացեալ Նահանգներու մէջ յառաջացաւ ու կազմակերպչական կարգավիճակ ստացաւ վերջին չորս տարիներուն ընթացքին: Այս ծիրին մէջ առաջին համագումարը տեղի ունեցաւ 2014ին, երբ վեհափառ հայրապետը գլխաւոր խօսողներէն մէկն էր:

Յառաջիկայ համաժողովի օրակարգին վրայ պիտի ներառուին միջ-կրօնական գործակցութեան, կրօնական ծայրայեղութեան, ահաբեկչութեան, մարդկային իրաւանց եւ գաղթականներու հետ կապ ունեցող հարցեր: Յատուկ նիստ մը պիտի յատկացուի նաեւ Հայ Դատին:

Համաժողովին ներկայ պիտի գտնուին քոնկրեսականներ, ծերակուտականներ եւ զանազան ոչ-կառավարական կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներ:

Վեհափառ հայրապետը իր հիւրերուն պարզեց համագումարի աշխատանքներուն առնչուած իր պատկերացումները: Յայտնենք, որ վեհափառ հայրապետին թելադրութեամբ «Ի պաշտպանութիւն Միջին Արեւելքի քրիստոնէութեան» պատասխանատուները կը գործակցին Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւելեան թեմի առաջնորդ Օշական արք. Չոլոյեանի, ինչպէս նաեւ Ուաշինկթընի մէջ Հայ Դատի գրասենեակի պատասխանատուներուն հետ:








All the contents on this site are copyrighted ©.