2017-07-18 09:25:00

Թուրքիոյ Ասորական համայնքը չի կրնար ետ ստանալ բռնագրաւուած իր սրբավայրերը


Թուրքիոյ իշխանութիւններուն կողմէ փակուած Մարտինի ասորական միութեան նախագահ Եուհաննա Աքթաշ «Սփութնիք»-ի թրքերէն ծառայութեան հետ զրոյցի մը ընթացքին խօսած է Թուրքիոյ մէջ ապրող փոքրաթիւ ասորական համայնքին առջեւ ծառացած նոր մարտահրաւէրներուն, վախերուն եւ 21-րդ դարուն ապրուած անօրէնութիւններուն մասին:

Յայտնենք, որ շաբաթներ առաջ Մարտինի Միտիաթ պատմական շրջանին մէջ գտնուող եւ ասորական համայնքին պատկանող շարք մը սրբավայրեր, եկեղեցիներ եւ գերեզմանատուներ բռնագրաւուած էին իշխանութիւններուն կողմէ` նախարարաց խորհուրդին որոշումով:

Վերջին երկու տարուան ընթացքին ասորական համայնքի կեդրոններէն մէկը նկատուող Մարտին քաղաքին մէջ որեւէ կրօնական ծէս կատարել չկրցած համայնքի ներկայացուցիչը Թուրքիոյ ներքաղաքական վիճակը բնութագրած է «սարսափելի» եւ մտավախութիւն յայտնած, որ օր մը իրենց կրնան ստիպել իսլամ դառնալ: «Երբեւիցէ այսքան յուսահատ չենք եղած: Օր մըն ալ մեզ նախարարներու խորհուրդին որոշումով իսլամ պիտի դարձնեն», ըսած է Աքթաշ:

Ասորական համայնքի ներկայացուցիչը յիշեցուցած է, որ ասորիները աւելի քան 6000 տարի է կը բնակին այդ հողերուն վրայ եւ անոնց սրբավայրերը բռնագրաւելը անօրէնութիւն է: Ան յայտնած է, որ ասորական համայնքը կը պատրաստուի դիմելու դատարան, սակայն մեծ յոյսեր չունի թրքական դատարաններուն նկատմամբ:

Շուէտի Ընկերվար ժողովրդավարական աշխատաւորական կուսակցութեան երեսփոխան Եըլմազ Քերիմոն եւ Քրիստոնեայ ժողովրդավարական կուսակցութեան երեսփոխան Ռոպերթ Հալեֆ երկրի խորհրդարանին մէջ անդրադարձած են Թուրքիոյ իշխանութիւններուն կողմէ ասորական համայնքի շարք մը սրբավայրերու եւ եկեղեցիներու բռնի պետականացման ու զանոնք Թուրքիոյ կրօնական հարցերով վարչութեան փոխանցելու հարցին:








All the contents on this site are copyrighted ©.