2017-07-18 12:36:00

Գերապայծառ Մորանտի անուանուեցաւ Հաւատոյ Ժողովի նոր քարտուղար։


(Ռատիօ Վատիկան) Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետ Հաւատոյ Ժողովի նոր քարտուղար անուանեց գերապայծառ Ճաքոմօ Մորանտին որ մինչեւ օրս կը վարէր նոյն ժողովի ենթաքարտուղարի պաշտօնը։ Գերապայծառ Մորանտի կը յաջորդէ գերապայծառ Լուիս Ֆրանսիսքօ Լատարիա Ֆերրերին որ անցեալ մէկ յուլիսին անուանուեցաւ Հաւատոյ Ժողովի Կառավարիչ, յաջորդելով Կարդինալ Կէրարտ Լուտվիկ Միւլլերի։

Գերապայծառ Մորանտի ծնած է Մոտենա` 24 օգոստոս 1965-ին։ Քահանայ ձեռնադրուած է 1990-ին եւ իր Աստուածաշունչի մասնագիտութեան ուսումը աւարտած է 1992-ին։ Հովուական առաքելութեան ոլորտի մէջ ծառայելէ ետք գերապայծառ Մորանտի անուանուեցաւ Մոտենա Թեմին աւետարանութեան, մշակոյթի ու քրիստոնէականի եպիսկոպոսի տեղապահ ապա ընդհանուր տեղակալ Մոտենա-Նոնաթոլա թեմին։ Ան երկար տարիներու ընթացքին վարած է նաեւ դասատուի պաշտօն։ 2015-ին սկսեալ անուանուած էր Հաւատոյ Ժողովի ենթաքարտուղար։








All the contents on this site are copyrighted ©.