2017-07-18 10:55:00

Կարդինալ Սանտրի աւարտեց Ուքրանիա կատարած հովուական այցելութիւնը։


(Ռատիօ Վատիկան) Արեւելեան Եկեղեցիներու կառավարիչը Կարդինալ Լէոնարտօ Սանտրի­, 17 յուլիս 2017-ին վերադարձ կատարեց դէպի Հռոմ աւարտելով Ազգային մաերեմեան ուխտագնացութեան առթիւ անցեալ 11 յուլիսին սկիզբ առած, Ուքրանիա կատարած հովուական ճամբորդութիւնը։

Ծիրանաւորը ճամբորդութեան վերջին օրը Տիրամօր նուիրուած Զարվանիթսիայի սրբավայրին մէջ իր մասնակցութիւնը բերաւ Քիեւ Հալիչ աւագ եպիսկոպոս եւ Ուքրանիոյ Յոյն Կաթողիկէ եկեղեցւոյ առաջնորդ` գերերջանիկ Սվիաթոզլաւ Շեվչուքի կողմէ գլխաւորած սուրբ պատարագի արարողութեան։ Այս առթիւ Կարդինալ Սանտրի իր աղօթքը բարձրացուց վասն երկրի խաղաղութեան, հայցելով բնակչութեան տառապանքին վերջը ու բոլորին տանելով Ֆրանչիսկոս Պապին մօտիկութիւնն ու օրհնութիւնները։

Ռատիօ վատիկանի հետ ունեցած զրոյցի մը ընթացքին Կարդինալ Սանտրի յայտնեց թէ Ուքրանիա կատարած հովուական  այցելութեան գագաթնակէտը եղաւ Տիրամօր Սրբավայր ուխտագնացութիւնը ուր Ան Աստուածամօր նուիրեց Ուքրանացիներուն ցաւերն ու մտահոգութիւնները հայցելով Անոր  բարեխօսութիւնը Երկրին խաղաղութեան ու բնակչութեան համերաշխութեան համար։

Կարդինալ Սանտրի ապա դրական համարեց Ուքրանիա ճամբորդութիւնը ուր, ըսաւ ան, գտայ յոյսի մթնոլորտ մը մաղթանք յայտնելով որ այդ ճամբորդութիւնը նպաստէ նաեւ եկեղեցիներու ու համայնքներու միջեւ համագործակցութեան ինչպէս նաեւ հաղորդութեան զարգացումին Աստուծոյ ու եղբայրներուն հետ։








All the contents on this site are copyrighted ©.