2017-07-17 13:23:00

Ֆրանչիսկոս Պապի թուիթերեան կայքէջը ունի աւելի քան 35 միլիոն հետեւորդ:


(Ռատիօ Վատիկան)  Ֆրանչիսկոս Սրբազան քահանայապետի թուիթերեան կայքէջը ամենէն շատ հետեւորդ ունեցող կայքէջն  է։  9 լեզուներով սփռուող  կայքէջին  հետեւորդներուն թիւը գերազանցած  է 35 միլիոնը։

Քահանայապետի թուիթերեան կայքէջը բացուած է Պենետիկտոս  ԺԶ Վաստակաւոր քահանայապետին օրով՝ 3 դեկտեմբեր 2012-ի։  Այժմ  ան  աշխարհի  մէջ ամենէն շատ հետեւորդ ունեցող կայքէջը կը նկատուի ։  Նշենք թէ Ֆրանչիսկոս Պապ ներկայ է  նաեւ Instagram համացանցային կայքէջին վրայ, որուն հետեւորդներուն թիւը կը հաշուէ  աւելի քան  չորս միլիոն։ 








All the contents on this site are copyrighted ©.