2017-07-17 12:20:00

Կիրակի 16 Յուլիս 2017 6-րդ Կիրակի Պենտեկոստէի (Մատթէոս 14, 13-21)


Դուք տուէք անոնց ուտելիք (Մատթէոս 14, 13-21)

Եկեղեցւոյ Սուրբ Հայրերը, ընդհանուր առմամբ եւ մասնաւորապէս Սուրբ Յովհան Ոսկեբերան, կը մեկնաբանեն այս հրաշքը զանազան խորհրդանշական կերպարներով։ Նախ եւ առաջ` փաստն է որ Յիսուս, կը մասնակցի իր Հօր ստեղծագործութեան, ոչինչէն յառաջ բերելով բազմահազար ժողովուրդի մը համար առատ կերակուր, այնքան առատ որ բազմաթիւ սակառներ կ՛աւելնան։ Տեղ մը պիտի ըսէ, երբ Հրէաները կ՛առարկեն իրեն թէ Մովսէս ալ մանանան տուաւ անօթի ժողովուրդին, Մովսէս չէ որ տուաւ այդ հացը, այլ Հայրս որ երկինքն է, այդ նոյն Հայրը որ ընդառաջ եկաւ իր խնդրանքին եւ կերակրեց այս ժողովուրդը։

Այս հրաշքը կատարելու համար, Յիսուս նախ իր ձեռքերը բարձրացուց դէպի երկինք եւ աղօթեց իր երկնաւոր Հօրը. Ահա նշան մը որ ամէն կերակուրէ առաջ` հարկ է որ շնորհակալութիւն յայտնենք մեր Հօրը որ երկինքն է ու փսռք մատուցանենք իրեն. Հայր մեր որ երկինքն ես… տուր մեզի այսօր մեր առօրեայ հացը։ Մարմնաւոր կերակուրը, որ անհրաժեշտ է մեր ապրուստին, Աստուծոյ պարգեւն է, նոյնիսկ եթէ ան մեր անձնական աշխատանքով է որ կը ճարենք։ Ուստի չմոռնանք աղօթելու ամէն ճաշէ առաջ եւ վերջը Ամենակալ Աստուծոյ։

Այս հրաշքին մէջ` շատ կարեւոր է նաեւ դիտել թէ ինչպէս Յիսուս կը ստիպէ առաքեալները որ իրենց ունեցածը բաժնեն բոլորին։ Դուք մտածած էք ձեր հետ ուտելիք վերցնել, որպէսզի անօթի չմնաք այն տեղերը ուր կ՛երթանք, սակայն ահա առիթը կը ներկայանայ ձեր ունեցածին բաժնեկից դարձնելու ձեր շուրջինները, որոնք առանց մտածելու կը հետեւին մեզի։ Անոնց հետ կիսելով մեր ունեցածը, Աստուած ալ կը վարձատրէ եւ հրաշքով մը կը լրացնէ մեր տուածին պակասը։

Այս ժողովուրդը սակայն ինչու՞ Յիսուսի ետեւէն կ՛երթայ. Նախ ընդունելու համար բուժումներ իրենց հիւանդներուն, եւ երկրորդ` լսելու համար իր խօսքերը։ Ուստի առաքեալներուն կ՛իյնայ այսուհետեւ կրկնելու իրենց ուսուցիչին` Քրիստոսի խօսքերը եւ տարածելու զանոնք բոլոր ժողովուրդներուն։ Յիսուս կը կատարէ այս հրաշքը որովհետեւ ժողովուրդը որ կը հետեւի իրեն կը նմանի առանց հովիւի ոչխարներու. Հովիւներ պէտք է անոնց եւ առաքեալները, ու հետագային իրենց յաջորդողները, եպիսկոպոսները, վարդապետները, պիտի հանդիսանան այղ հովիւները, որոնք Աստուծոյ խօսքը պիտի տանին ժողովուրդներուն։

Ի վերջոյ, այս հացերու բազմացումը կը խորհրդանշէ Սուրբ Հաղորդութեան խորհուրդը, զոր Քրիստոս հաստատեց Վերջին Ընթրիքի պահուն։ Պենեդիկտոս ԺԶ. Սրբազան Պապը իր կիրակնօրեայ քարոզներէն մէկուն մէջ կ՛ըսէ. Հացերու բազմացումը նախասկիզբն է Սուրբ Հաղորդութեան խորհուրդին որ մինչեւ օրս կը յաւերժանայ մեր եկեղեցիներուն մէջ։

Սուրբ Հաղորդութիւնը Եկեղեցւոյ կեանքին իսկական պատկերացումն է որ կ՛արտացոլայ ամէն մէկ պատարագի ընթացքին։ Այլեւս այն հացը որ կը ճաշակենք եւ գինին զոր կը խմենք չեն պարզ նիւթական կերակուր եւ ըմպելի, անոնք կը դառնան, խորհրդաւորապէս Յիսուսի մարմինն ու արիւնը որոնք կը զօրացնեն մեր մէջ հոգեւոր կեանքը եւ կը սերտացնեն մեր կապերը իրարու հետ, այնպէս որ, ճաշակելով Յիսուսի միակ մարմնէն եւ արիւնէն, կը դառնանք մէկ մարմին, եւ կ՛ապրինք այս աշխարհի վրայ երկնքի յաւիտենական երջանկութեան նախավայելքը։ Ամէն։

Հայր Յովսէփ Քէլէկեան








All the contents on this site are copyrighted ©.