2017-07-15 10:13:00

Թուրքիոյ զինուորական հարուածէն ետք՝ բանտարկուած կը մնան աւելիք քան 50,000 անձեր


ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- 2016ի Յուլիս 15ի զինուորական հարուածէն ի վեր ձերբակալուած են մօտաւորապէս 170 հազար կասկածելիներ՝ ըստ Թուրքիոյ պետական տուեալներուն։ Անոնցմէ 50,510ը բանտարկուած կը մնայ տակաւին։

Արդարադատութեան նախարարութեան տուեալներուն համաձայն՝ բանտարկեալներուն մէջ կան զինեալ ուժերու 7098 սպաներ, 8815 ոստիկաններ, 24 նահանգապետներ, 73 փոխնահանգապետներ ու 116 գաւառապետներ։ Տակաւին, ձերբակալութեան որոշում կայացած է եւս 8087 անձերու նկատմամբ։

Այս ձերբակալեաներուն վրայ, Յուլիս 14ին, աւելցաւ նաեւ յայտնի թուրք բեմադրիչ Ալի Ավճընը՝ կիւլենական շարժումին հետ կապեր ունենալու յանցանքով։ Ան վերջերս բեմադրած էր «Ռէյիս» ¤Առաջնորդը) եւ «Զարթօնք» ժապաւէնները, որոնցմէ առաջինը կը նկարագրէ Էրտողանի մանկութենէն մինչեւ Պոլսոյ քաղաքապետ դառնալու շրջանը, իսկ երկրորդին մէջ կը ներկայացուին անցեալ տարուան Յուլիս 15ի իրադարձութիւնները։








All the contents on this site are copyrighted ©.