2017-07-15 10:05:00

Եգիպտոսի մէջ երկու զբօսաշրջիկներ սպաննուեցան


Եգիպտոսի ներքին գործոց նախարարութիւնը հաղորդեց, որ երէկ Ֆարտաքայի մէջ զբօսաշրջիկներու դէմ դանակով յարձակումի մը պատճառով արձանագրուած է 6 վիրաւոր:

«Մայատին» լրատու գործակալութիւնը` վկայակոչելով եգիպտական լրատուամիջոցներ, հաղորդեց, որ սպաննուած են ուքրանացի երկու զբօսաշրջիկներ: Եգիպտական «Ուաթան» օրաթերթի կայքը կը հաղորդէ, որ յանցագործը պանդոկ մուտք գործած է ծովուն ճամբով եւ յարձակած տարբեր ազգութիւններէ կիներու վրայ:








All the contents on this site are copyrighted ©.