2017-07-14 09:42:00

Փարիզի մէջ Թրամփ-Մաքրոն հանդիպում


Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ երէկ այցելեց Փարիզ, ուր հանդիպում ունեցաւ Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոնի հետ:

Մաքրոն հանդիպումէն ետք միացեալ մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին յայտնեց, որ Փարիզ Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատի իշխանութենէն հեռացումը նախապայման չի նկատեր` աւելցնելով, որ իր երկիրն ու Միացեալ Նահանգները կ’աշխատին Սուրիոյ մէջ յետպատերազմեան փուլին համար քաղաքական լուծումներ գտնելու վրայ, իսկ ինք կ’ուզէ, որ յառաջիկայ շաբաթներուն ընթացքին Սուրիոյ վերաբերեալ շօշափելի նախաձեռնութիւն մը պատրաստուի:

Մաքրոն նշեց, որ Թրամփի հետ կլիմայի փոփոխութեան հարցին շուրջ տարակարծութիւններ գոյութիւն ունին, սակայն միասնաբար պիտի աշխատին համացանցի վրայ ծայրայեղականութեան քարոզչութեան դէմ:

«Մենք համաձայն ենք ահաբեկչութեան դէմ պայքարելու համար ամէն միջոցի դիմելու», նշեց Ֆրանսայի նախագահը:

Թրամփ իր կարգին յայտնեց, որ Մաքրոնի հետ համաձայն է ահաբեկչութիւնը պարտութեան մատնելու հրամայականին շուրջ` նշելով, որ իրենք անմեղներ սպաննող ահաբեկչական կազմակերպութիւններու սպառնալիքը կը դիմագրաւեն:

Միացեալ Նահանգներու նախագահը ըսաւ, որ Սուրիոյ մէջ զինադադարի հաստատման համաձայնութիւնը Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի հետ բանակցութեան յաջողութեան ցուցանիշն է:

«Սուրիոյ այլ շրջանի մը մէջ զինադադարի հաստատման նոր համաձայնութեան մը շուրջ կ’աշխատինք», ըսաւ Թրամփ:

Նշենք, որ Թրամփ այսօր միջազգային այլ ղեկավարներու կողքին ներկայ պիտի գտնուի Ֆրանսայի ազգային տօնին առիթով կայանալիք զինուորական տողանցքին` նկատի ունենալով, որ այս տարի կը զուգադիպի ամերիկեան բանակին Համաշխարհային Ա. պատերազմին մասնակից դառնալուն 100-ամեակին:

Թրամփն ու իր կինը երէկ Ֆրանսայի նախագահին ու անոր կնոջ ընկերակցութեամբ այցելեցին Նափոլէոնի գերեզմանը:

 








All the contents on this site are copyrighted ©.