2017-07-14 12:18:00

Վանականութիւն «ԽԱ»


Ապաշխարութիւնը կարեւոր մաս մըն է հոգեւոր կեանքի մէջ։ Իւրաքանչիւր քրիստոնեայ կարիքն ունի ապաշխարութեան իսկ կրօնաւորական կամ վանական կեանքի մէջ ապաշխարութիւնը յատուկ տեղ կը գրաւէ։ Կրօնաւորը կʼապաշխարէ, որպէսզի քաւութիւն ընդունի իր մեղքերուն, որպէսզի արժանանայ աւելի շնորհքներու, եւ որպէսզի հասնի կատարելութեան աւելի բարձր աստիճանի։ Կրօնաւորը կʼապաշխարէ նաեւ ուրիշներուն համար, որպէսզի անոնք թողութիւն ընդունին եւ արժանանան աւելի առատ շնորհքներու։ Գրիգոր Լուսաւորիչի Յաճախապատում Ճառերուն մէջ կը կարդանք՝ «Այլ դուն, որ Աստուծոյ ընծայուեցար, քեզի իբր խորհրդակից սատանան մի´ առներ. այլ պայքարէ բարի պատերազմը, եւ հետեւէ այս խրատներուն։ Պէտք է մերկանալ բոլոր աշխարհական ցանկութիւններէն, եւ զգենուլ նոր մարդը, զարդարուած բոլոր բարի գործերով՝ ներքուստ եւ արտաքուստ, սուրբ եւ անարատ կատարեալ արդարութեամբ, եւ պէտք է մաքրուիլ ամէն երկրաւոր ցանկութիւններէ։»

Բառարաններու կամ մեկնաբանութիւններու մէջ «ապաշխարութեան» համար կը գտնենք հոմանիշներ եւ բացատրութիւններ, ինչպէս՝ «զղջալ գործած մեղքերուն կամ յանցանքներուն վրայ, նեղութիւն կրել եւ նեղութիւն կրելով քաւել մեղքերը, ապաշաւել, աշխարել, լալ, հառաչել, անձը կամաւոր կերպով նեղութիւններու եւ տանջանքի ենթարկել։» Սակայն արտաքին երեւոյթներէն աւելի կարեւոր է ապաշխարանքի խորհուրդը, թէ ինչպէս նեղութիւն կրելով կʼընդունինք քաւութիւն։ Գրիգոր Տաթեւացի հարց կը դնէ՝ թէ «Ի՞նչպէս մէկը կրնայ ապաշխարութեամբ մեղքերը քաւել». ապա հետեւեալ պատասխանը կու տայ՝ «Պէտք է գիտնալ, որ ապաշարութեան էութիւնը երեք բաներու մէջ կը տեսնուի։ Նախ՝ ատել մեղքերը եւ հեռանալ գարշելի բաներէն՝ մտքով եւ գործով։ Եւ երկրորդ՝ խօսքով յայտնել եւ խոստովանիլ մեղքերը։ Իսկ երրորդ՝ գործով մեղքի հակառակը կատարել. այսինքն, հպարտութեան դէմ՝ խոնարհութիւն գործել. ատելութեան եւ նախանձի դէմ՝ սէր. բարկութեան դէմ՝ քաղցրութիւն. ծուլութեան դէմ՝ աղօթքի ամրութիւն. որկորստութեան դէմ՝ պահք եւ անսուաղութիւն. ագահութեան եւ ուրիշը զրկելու դէմ՝ բաշխել եւ տալ. պոռնկութեան դէմ՝ սրբութեամբ ողջախոհութիւն ձեռք բերել։ Նոյնը մտածէ նաեւ այլ մեղքերու մասին։» Ապաշխարութիւնը ուրեմն մեղանչած ըլլալու գիտակցութիւնն է, ապա խոստովանիլ գործած մեղքը եւ գործել բարին։ Որովհետեւ մարդ արարածը ամբողջութիւնն է հոգիի եւ մարմնի, ուրեմն նաեւ մարմինը կը մասնակցի դարձի եւ զղջումի արարքին – ենթարկուելով մարմնական նեղութիւններու։

Ապաշխարութիւնը ունի աստուածաշնչական արմատներ։ Արդէն Նոր Կտակարանի սկիզբը կը կարդանք Յովհաննէս Մկրտիչի յորդորը՝ «Ապաշխարեցէք, որովհետեւ մօտեցած է երկնքի արքայութիւնը» (Մտթ Գ. 2), ապա Մարկոսի Աւետարանին մէջ Յիսուսի կոչը՝ «Ժամանակը հասած է, եւ մօտեցած է Աստուծոյ արքայութիւնը. ապաշխարեցէ´ք եւ հաւատացէ´ք Աւետարանին» (Մրկ Ա. 15)։ Կրօնաւորը որուն ձգտումն էր աշխարհային կապերէ լրիւ անջատուիլ, ամբողջապէս Աստուծոյ փառաբանութեան եւ մարդու ծառայութեան նուիրուիլ, եւ աւելի կատարեալ ըլլալ, կը դիմէր ապաշխարութեան իբր միջոց, հետեւելով Աւետարանի խրատին՝ դառնալ աշխարհէն, մեղքէն եւ մուտք գործել Աստուծոյ արքայութեան իրականութեան մէջ։ Ապաշարանքը կը բովանդակէր զղջում, խոստովանանք, մարմնական նեղութիւններ, ֆիզիքական աշխատանք, սակայն գերազանցապէս աղօթք եւ յատկապէս մշտնջենաւոր աղօթք։ Աղօթքը, որուն մասին աւելի ուշ պիտի խօսինք կրնար ըլլալ անհատական կամ հասարակաց, սրտաբուխ աղօթք, սաղմոսերգութիւն, շարական, ժամերգութիւն։ Սակայն ապաշխարութեան, քաւութեան եւ փրկութեան խորհուրդը իր ամբողջական արտայայտութիւնը կը գտնէր Ս. Պատարագի խորհուրդին մէջ։








All the contents on this site are copyrighted ©.