2017-07-14 08:00:00

Յաջորդ «Աւրորա»-ն Հայաստանի մէջ տեղի պիտի ունենայ 2018-ի Յունիս 8-էն 10


«Աւրորա» մարդասիրական նախաձեռնութեան ամենամեայ եռօրեայ ձեռնարկները տեղի պիտի ունենան 2018-ի Յունիս 8-10, Հայաստանի մէջ:

«Ուրախ ենք, որ հանրութեան կ՛իրազեկենք աշխարհի տարբեր վայրերու մէջ մարդոց դէմ իրականացուող վայրագութիւններու մասին` պարգեւատրելով զանոնք, որոնք շարունակ կը պայքարին այդ խնդիրներու դէմ` վտանգելով սեփական կեանքը», – ըստ «Մեդիամաքս»-ի՝ ըսած է «Աւրորա» մարդասիրական նախաձեռնութեան համահիմնադիր Ռուբէն Վարդանեան:

«Հայաստանը, որ յառաջընթաց ապրած է` հակառակ անցեալի տառապանքներուն, կը յաւակնի դառնալու մարդասիրական գաղափարներու, քննարկումներու եւ գործունէութեան համաշխարհային կեդրոն: Միւս տարի եւս իրականացնելով այս կարեւոր ձեռնարկները` «Աւրորա» մարդասիրական նախաձեռնութիւնը, կը ձգտի շարունակելու գործով արտայայտելու երախտագիտութիւնը` աջակցելով կարիքի մէջ գտնուողներուն», – նշած է ան:

2018-ի ձեռնարկներու ընթացքին տեղի պիտի ունենան Aurora Dialogues քննարկումները, որ միջազգային հարթակ է գիտնականներու եւ փորձագէտներու համար` ուսումնասիրելու եւ քննարկելու մարդասիրական մարտահրաւէրները:

Համաժողովը պիտի ձգտի բացայայտելու խնդիրները, վերլուծելու անցեալի դասերը եւ խրախուսելու նորարարական գործունէութիւնը ներկայիս` ապագան լաւը դարձնելու նպատակով:

2018-ի Aurora Dialogues քննարկումներու եւ «Աւրորա» մրցանակի ձեռնարկներու ժամանակացոյցը եւ լրացուցիչ տեղեկութիւնները հասանելի պիտի ըլլան յառաջիկայ ամիսներուն www.auroraprize.com կայքին մէջ:








All the contents on this site are copyrighted ©.