2017-07-14 09:47:00

Հայաստանի նախագահը աշխատանքային այցով մեկնած է Տաւուշի մարզ


ԵՐԵՒԱՆ.- Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ, Զինուած ուժերու գերագոյն գլխաւոր հրամանատար Սերժ Սարգսեան Հինգշաբթի, 13 Յուլիսի առաւօտեան աշխատանքային այցով մեկնած է Տաւուշի մարզ:

Նախագահը այցելած է հիւսիս-արեւելեան սահմանագօտիի մարտական դիրքերէն մէկը՝ շրջայց կատարած մարտական յենակէտի մը մէջ եւ ծանօթացած է ծառայութեան ու զինուորներու կենցաղային պայմաններուն, երկրաչափական եւ ամրաշինական կառոյցներու, մարտական պատրաստականութեան վիճակին: Հանրապետութեան նախագահը նուէրներով խրախուսած է ծառայութեան ընթացքին անձնուիրութեամբ եւ խիզախութեամբ աչքի ինկած խումբ մը սպաներ եւ զինուորներ: Նախագահը շնորհակալութիւն յայտնած է հայրենիքի պաշտպաններուն, մաղթած անոնց յաջողութիւն, բարի ծառայութիւն եւ ընդգծած, որ անոնց բարեխիղճ ծառայութիւնը մեծապէս կը գնահատուի եւ անոնց շնորհիւ մեր ժողովուրդը կրնայ հանգիստ ապրիլ, աշխատիլ եւ զարգացնել մեր հայրենիքը:

Սերժ Սարգսեան այնուհետեւ մասնակցած է Իջեւանի մէջ տեղակայուած զօրամասի նոր մշտական տեղակայման վայրի բացման հանդիսաւոր արարողութեան, ուր ելոյթներով հանդէս եկած են պաշտպանութեան նախարարը, զօրամասի հրամանատարը, ԶՈՒ հոգեւոր առաջնորդը, պարտադիր ժամկէտային զինծառայողներէն մէկը: Նորակառոյց զինաւանի բացման նուիրուած հանդիպումէն եւ հանդիսաւոր երթէն ետք Հանրապետութեան նախագահը շրջայց կատարած է զօրանոցին մէջ, ծանօթացած պայմաններուն, զրուցած անձնակազմին հետ եւ զինուորական ճաշարանին մէջ ճաշած զինուորներուն ու հրամանատարներուն հետ:

Նոյն օրը պաշտպանութեան նախարարութեան Դիլիջանի «Լեռնային Հայաստան» առողջարանին մէջ նախագահը հարցազրոյց տուած է «Արմէնիա» պատկերասփիւռի ընկերութեան «Ռ-Էւոլիւցիա» հաղորդաշարին:

 








All the contents on this site are copyrighted ©.