2017-07-14 10:11:00

Իտալիոյ Քունէօ թեմը կը նշէ իր հիմնադրութեան 200-րդ ամեակը։


(Ռատիօ Վատիկան)  Կիրակի 16 Յուլիս 2017-ին Իտալիոյ Հարաւը գտնուող Քունէօ թեմը մեծ շուքով կը տօնախմբէ իր հիմնադրութեան 200-րդ ամեակը։ Այս առթիւ, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը, իրեն յատուկ նուիրակ նշանակած է եւ Քունէօ ուղարկած` Կարդինալ Ճուզեփփէ Պերթելլոն` Վատիկանի Պետութեան կառավարչութեան նախագահը, որպէսզի յանուն Նորին Սրբութեան գլխաւորէ այս կարեւոր յոբելեանին առթիւ նախատեսուած ծիսակատարութիւնները որոնք նախատեսուած են Քունէօ քաղաքի Վերափոխման Սուրբ Կոյսին նուիրուած աթոռանիստ մայր տաճարին մէջ։ 








All the contents on this site are copyrighted ©.