2017-07-13 11:16:00

Եւրոպայի Եկեղեցիներու Ժողովի պատգամը Եւրոպայի Միութեան։


(Ռատիօ Վատիկան) 12 Յուլիսին, Եւրոպայի Եկեղեցիներու Ժողովը պատգամ մը ուղղած է Եւրոպայի Միութեան, ուր կը յորդորէ «չստեղծել կարելիութիւններ ելեւմուտքի եւ կառոյցներու զինուորականացման. ամրապնդել Եւրոպայի դերը իբր գործիչ խաղաղութեան եւ հաշտութեան՝ ոչ զինուորական միջոցներով։»

Եկեղեցիներու Ժողովը հակառակ դիրք կը բռնէ Եւրոպայի Խորհուրդի առաջարկին, եւ պաշտպանութեան ճարտարարուեստը զարգացնելու ծրագրի մը ֆինանսաւորման։ Ըստ Եւրոպայի Եկեղեցիներու Ժողովին, վտանգ կը սպառնայ որ «Եւրոպայի միութիւնը վերածուի զինուորական դաշնութեան մը»։

Մինչ այլ բաժանմունքներու համար կատարուած ներդրումները կը նպաստեն հաշտութեան, կայունութեան եւ զարգացման աճին, որոնք կը կազմեն ապահովութեան հիմը, զինուորական ֆինանսաւորման աճը՝ բացասական ազդեցութիւն ունի ապահովութեան վրայ։

Հաղորդագրութիւնը կ՛ընդգծէ, թէ Եւրոպայի Միութիւնը պէտք է ուժեղացնէ իր աշխատանքը, կանխարգիլելու հակամարտութիւններ եւ գտնելու լուծումներ, որովհետեւ Եւրոպան ինքնին օրինակ մըն է, թէ ինչ կարելի է կատարել ոչ զինուորական միջոցներով։

Եւրոպայի  Միութիւնը պէտք է ուշադրութիւն դարձնէ երիտասարդներու անգործութեան խնդրին, տեղական տնտեսութեան զարգացումին եւ ընկերային խնդիրներու, յատկապէս արեւելեան եւ հարաւային Եւրոպայի շրջաններուն մէջ։

Վերջապէս Եկեղեցիներու Ժողովը կը յորդորէ, որ Եւրոպան ջանք թափէ, ազգային պետութիւններու հետ կատարել քննադատական բանակցութիւն մը՝ նկատմամբ անոնց դերին՝ Եւրոպայի Միութեան պաշտպանութեան քաղաքականութիւններու ապագայի զարգացման մէջ։  








All the contents on this site are copyrighted ©.