2017-07-12 12:41:00

Հայ եկեղեցին եւ հայ երիտասարդը դէմ առ դէմ


Ամէն Օր Մեղք Կը Շնչենք…

Եկեղեցւոյ հայրերը, քրիստոնէութեան առաջին դարերէն սկսեալ անխուսափելի գտած են վերջնականապէս մեղքէն հեռացումը, այնքան ատեն, որ մարդկային մարմիններով կանք այս աշխարհի վրայ: Անոնցմէ ոմանք ինքնաչարչարութեան դիմած են, մարմինը պատժելով, արդարացնելու համար քրիստոնէութիւնը, ուրիշ խօսքով՝ ամբողջութեամբ Աստուծոյ ընծայուելու իրենց նուիրական ուխտը:

Հայ եկեղեցւոյ հայրերը եւս, յատկապէս Ս. Գրիգոր Նարեկացին, «Մատեան ողբերգութեան» իր անզուգական աղօթագիրքով, կ’անդրադառնայ իր մեղաւոր բնութեան: Իր անձին ընդմէջէն աշխարհի բոլոր մարդիկը կը պատկերանան մեր աչքին, իբրեւ մեղաւոր բնութեամբ ստեղծուած գոյութիւններ: Վստահաբար մեր մէջ գտնուող բանականութիւնն է, որ պատճառ կը դառնայ այն գիտակից սխալներուն, որոնք այլապէս պիտի չկատարէինք, եթէ անասուններուն նման բնազդաբար գործող էակներ իբրեւ ստեղծուած ըլլայինք: Սա թերութիւն մը, կամ «նուազ» մը չէ՛ մարդուն համար, այլ՝ ընդհակառակը առաւելութիւն մը, որ մարդը կը դնէ այնպիսի բարձունքի վրայ, ուրկէ ո՛չ միայն կրնայ տեսնել զԱստուած, այլ նաեւ գործակցի՛լ Անոր հետ, կատարելով Աստուծոյ բոլոր պատուիրանները:

Ըսուած է, թէ մեղքը մեր շնչած մթնոլորտին մէջ իսկ է: Ամէն վայրկեան գաղթակղութիւններով շրջապատուած է մարդը, ինչքան ալ ողջախոհութեամբ պարուրուած ըլլայ անոր միտքը:

Յիսուսի մտածողութեան մէջ ալ հաստատուած ճշմարտութիւն մը կայ այս մասին, ուր կ’ըսուի, թէ գայթակղութիւնները անպայման պիտի ըլլան, բայց վա՜յ այն մարդուն, որուն ձեռքով պիտի գան այդ գայթակղութիւնները: Ուրիշ խօսքով գայթակղողին յանցանքը աւելի կը մեղմացուի Յիսուսի կողմէ, քան անոր որ դիտումնաւոր կերպով կը գայթակղեցնէ ուրիշը (հմմտ. Ղկ 17.1-2):

Մեղքն կը նմանի փոշիին. Կեղտոտ , աներես եւ շուտով բազմացող: Ան ո՛չ մէկ արտօնութեան կարիք ունի քեզ գտնելու, եւ մէջդ տեղաւորուելու համար:

Մեղքը, փոշիին ու աղտին նման կարիք ունի մաքրութեան: Անիկա ամէն վայրկեան կրնայ մեզ գտնել, ուր որ ալ ըլլանք: Ան փոշիի նման օդին մէջ է: Մենք կը շնչենք զայն ամէն վայրկեան: Պէտք ունինք հականեխումի դիմակներու, որոնք կազային ռումբերու կամ թունաւորման կազերու դէմ կ’օգտագործեն պատերազմական գօտիներու մէջ գտնուողներ: Այդ դիմակները Աստուած ի՛նք կը բաշխէ անոնց, որոնք կը հաւատան Իրեն, ու խոր զղջումով կ’ընդունին իրենց գործած մեղքերը: Խոստովանութեամբ եւ առ Աստուած ամբողջական դարձո՛վ միայն կրնանք ապահովել մեր փրկութիւնը, որ պիտի սկսի այս աշխարհի մէջ, շարունակուելու համար հանդերձեալի ընթացքին:

Սրբէ՛ մեղքերդ, սակայն անոնք դարձեալ ու դարձեալ պիտի աւելնան, ապակիին վրայ նստող փոշիին նման, սակայն մի՛ մոռնար որ կայ զանոնք սրբող ամէնէն զօրաւոր ձեռքը, Փրկիչդ, որ իր արեան գնով որոշած է սրբել մեղքերդ ու մաքրել ծնունդէդ մինչեւ գերեզման գործած բոլոր յանցանքներդ…: Կը հաւատա՞ս երկնային այս ճշմարտութեան, ու քու մասին առնուած այս որոշումին:








All the contents on this site are copyrighted ©.