2017-07-12 10:21:00

Թուրքիան սառեցուցած է Մարտին քաղաքի Օրթոտոքս Ասորիներուն եկեղեցիները վերադարձնելու որոշումը


«Ռատիօ Վատիկան» Թրքական իշխանութիւնները սառեցուցած են որոշումը՝ Թուր Ապտինի շրջանի Մարտին քաղաքի Օրթոտոքս Ասորիներուն վերադարձնելու յիսունէ աւելի եկեղեցիներ եւ վանքեր։ Մարտինի կառավարչութեան կատարած պաշտօնական ծանուցման համաձայն վէճը պիտի լուծուի ատեանի ճամբով։ Ըստ յայտարարութեան, պաշտամունքի վայրերը պիտի չյանձնուին մինչեւ դատավճիռի կայացումը։

Ներկայիս դադրած են քրիստոնեաներու պատկան պաշտամունքի վայրերու եւ մշակութային եւ կրօնական կալուածներու բռնագրաւումները։ Պաշտօնական աղբիւրները կը հաստատեն, թէ մօտիկ ապագային պիտի պահպանուի հաստատուած վիճակը եւ շէնքերու արձանագրութիւնը կը մնայ Գանձարանի իրաւասութեան տակ, սպասելով իրաւական դատավճիռի մը, որ ապահովէ խնդրի ճշգրիտ լուծումը։ Կալուածները վերադարձնելու որոշումը կատարուած էր 2014 թուականին եւ մաս կը կազմէ Մարտինի տնտեսական նոր կազմաւորումին, որ ստացած է գլխաւոր քաղաքի հանգամանք, ներգրաւելով շրջակայ գիւղերը եւ զանոնք վերածելով թաղամասերու։ Այդ որոշումը առիթ տուած է բողոքներու եւ տեղւոյն ու միջազգային քրիստոնեայ համայնքի վրդովմունքին։

Բռնագրաւուած Սուրբ Գաբրիէլի վանքի առաջնորդ Քուրյաքոս Էրկիւն կը հաստատէ, թէ վէճը տակաւին լուծում չէ գտած, եթէ նոյնիսկ վանքի օգտագործումը որպէս պաշտամունքի վայր կը մնայ անփոփոխ։ Ան կը մաղթէ, որ շէնքի սեփականութիւնը կը յանձնուի վանապատկան հաստատութեան եւ թէ նոյնը կատարուի միւս շէնքերու նկատմամբ։








All the contents on this site are copyrighted ©.