2017-07-11 10:42:00

Մեկնարկեց «Ոսկէ Ծիրան» միջազգային կինոփառատօնը


Յուլիս 9-ի երեկոյեան, Երեւանի մէջ մեկնարկեց «Ոսկէ Ծիրան» 14-րդ միջազգային կինոփառատօնը:

Աւանդոյթի համաձայն նախ կատարուեցաւ ծիրանի օրհնութիւն, այնուհետեւ «Մոսկուա» կինոթատրոնին մօտ` Ազնաւուրի հրապարակին վրայ, տեղի ունեցաւ մեր կինոյի մեծերուն նուիրուած աստղերու բացում: Այս տարի բացուեցան Ֆրունզէ Դովլաթեանի, Եուրի Երզնկեանի եւ Սերկէյ Իսրայէլեանի աստղերը, կը հաղորդէ «Ազատութիւն»-ը:

Փառատօնի հիւրերը անցան աւանդական կարմիր գորգի վրայով եւ մտան «Մոսկուա» կինոթատրոն, ուր տեղի ունեցաւ կինօթառատօնի բացման հանդիսաւոր արարողութիւնը: Այս տարի փառատօնի բացման ֆիլմը Համօ Բեկնազարեանի «Խասփուշ»-ն էր, որու ստեղծման 90-ամեակը կը լրանայ։

Բացման ներկայ էին բազմաթիւ օտարերկրեայ հիւրեր, դեսպաններ, արուեստասէրներ, պաշտօնեաներ:

ՀՀ մշակոյթի նախարար Արմէն Ամիրեան նշեց, թէ շատ ուրախ է, որ յառաջիկայ օրերուն հանրութիւնը աշխարհի ամենատարբեր երկիրներէ Հայաստան ժամանած գունեղ ֆիլմերու միջոցով կրնայ հաղորդակցուիլ տարբեր ժողովուրդներու երազներուն ու ցանկութիւններուն:

«Ոսկէ Ծիրան»-ին մասնակցութեան համար 96 երկրէ ստացուած 1100 յայտերէն ընտրուած է 47 ֆիլմ, որոնք պիտի ցուցադրուին 3 մրցութային ծրագիրերու մէջ:

«Ոսկէ Ծիրան» միջազգային կինոփառատօնը Երեւանի մէջ տեղի ունեցող ամենամեծ մշակութային իրադարձութիւններէն մէկն է: Հիմնուած է 2004 թուականին` «Ոսկէ ծիրան» կինոյի զարգացման հիմնադրամի, Կինոգէտներու եւ կինոլրագրողներու հայկական ընկերակցութեան կողմէ: «Ոսկէ ծիրան»-ի հիմնադիրներն են փառատօնի գլխաւոր տնօրէն, բեմադրիչ Յարութիւն Խաչատրեան, ծրագիրներու տնօրէն, կինոքննադատ Միքայէլ Ստամբոլցեան եւ գեղարուեստական տնօրէն, կինոքննադատ Սուսաննա Յարութիւնեան:








All the contents on this site are copyrighted ©.