2017-07-11 10:41:00

Կարդինալ Սանտրիի հովուական այցելութիւնը Ուքրանիա։


(Ռատիօ Վատիկան) 11-17 Յուլիս 2017-ին Արեւելեան Եկեղեցիներու Ժողովի կառավարիչը` կարդինալ Լէոնարտօ Սանտրի, ընդառաջելով Ուքրանիոյ աւագ եպիսկոպոս գերերջանիկ Սվիաթոզլաւ Շեվջուքի հրաւէրին եւ Զարվանիթսիա Սրբավայրի ազգային ուխտագնացութեան առթիւ, հովուական առաքելութեամբ  մեկնած է Ուքրանիա, ուր հանգրուան պիտի կատարէ Քիեւ, Լէոպոլիս, Խարքիւ եւ Սլովիանսք ուր հանդիպում պիտի ունենայ տեղահաններու հետ, ապա պիտի այցելէ Մարեմեան Սրբավայրը որ կը գտնուի Թերնոփիլ քաղաքին մէջ։

Ծիրանաւորը իր այս հովուական այցելութեան ընթացքին իր հետ պիտի տանի Քահանայապետին ողջոյնը, զօրակցութեան զգացումներն ու օրհնութիւնը` Յոյն Կաթողիկէ հասարակութեան, Լատին ծէսի հաւատացեալներուն, օրթոտոքսներուն ու բոլոր անոնց որոնք տակաւին կը տառապին երեք տարիէ ի վեր տեւող պատերազմի պատճառաւ։ 

Ռատիօ վատիկանի հետ ունեցած զրոյցի մը ընթացքին Արեւելեան եկեղեցիներու Ժողովի կառավարիչը յայտնեց թէ այս ճամբորդութիւնը ''մխիթարութեան'' ճամբորդութիւն է, այնտեղ տանելու համար Ֆրանչիսկոս Պապին կողմէ յոյսի եւ ուրախութեան խօսք մը, երկրի մը մէջ ուր տակաւին շատեր կը տառապին պատերազմի հետեւանքներէն։

Արտայայտուելով ապա Ուքրանիոյ խաղաղութեան մասին Կարդինալ Սանտրին մատնանշեց Ֆրանչիսկոս Պապին 2017-ի խաղաղութեան համաշխարհային օրուան առթիւ հրատարակած պատգամին հաստատելով թէ խաղաղութիւնը կարօտը ունի մարդոց որոնք աշխարհի մէջ զայն կը կառուցեն հակառակ դժուարութիւններուն եւ կ՛աշխատին շրջանցելու անհասկացողութիւններն ու պատերազմը յարուցող պատճառները, հիմնուելով միջազգային օրէնսդրութեան յարգանքի վրայ։

Կարդինալ Սանտրի անդրադարձ կատարեց նաեւ Ուքրանիոյ ի նպաստ Քահանայապետի ձեռնարկած դրամահաւաքին զոր յատկացուած է, ըսաւ Ան, բոլոր Ուքրանացիներուն անխտիր, որպէս սիրոյ եւ զօրակցութեան արտայայտութիւն։

''Ես կը յուսամ որ Քահանայապետին եղբայրութեան պատգամը, պատգամը օգնութեան եւ զօրակցութեան, հասնի բոլորին ու անոնց տայ Աւետարանի ուրախութիւնը'' ըսաւ Կարդինալ Սանտրի զրոյցի աւարտին։








All the contents on this site are copyrighted ©.