2017-07-11 10:54:00

«Ընտանիքը պաշտպանելը խտրականութիւն չէ» Փանամայի եպիսկոպոսները


«Ռատիօ Վատիկան»  Կիրակի, Յուլիս 9ին, աւարտեցաւ Փանամայի եպիսկոպոսական դասի լիագումար նիստը։ Եպիսկոպոսներու հաւաքին՝ ընտանիքը եւ ընտանեկան կառոյցի պահպանումը եւ պաշտպանումը եղած է յատուկ ուշադրութեան առարկայ։ Լիագումար նիստի աւարտին թողարկուած փաստաթուղթին մէջ եպիսկոպոսները կը շեշտեն ընտանիքի կենդրոնական դերը իրենց երկրի ընկերային եւ սահմանադրական համոյթին մէջ։  Հոն կը կարդանք՝ թէ «ճշմարտութեան խեղաթիւրում է հաստատել՝ թէ ընտանեկան արժէքներու պաշտպանումը խտրականութիւն է եւ մարդատեաց կեցուածք։»

Եպիսկոպոսներու լիագումար նիստի հաղորդագրութիւնը կը ներկայացնէ քանի մը կէտեր, որոնք նկատել կու տան, թէ Եկեղեցին ընտանիքի միակ պաշտպանը չէ, կʼանդրադառնան աղքատութեան եւ երիտասարդներու մատուցուած առիթներու բացակայութեան, ապա կʼառաջարկեն լուրջ կեցուածք որդեգրել կենսոլորտի պաշտպանութեան ի նպաստ։

Հաղորդագրութիւնը կը յիշեցնէ, թէ ընտանիքը եւ ամուսնութիւնը ճանչցուած են ազգային սահմանադրութեան մէջ եւ եկեղեցին առանձին չէ այդ կառոյցներու պաշտպանութեան մէջ, այլ ամբողջ ընկերութիւնը, որ մտահոգուած է «խեղաթիւրումէ մը, որուն որոշ հատուածներ պիտի ուզէին ենթարկուիլ։» Առաջնորդները կը զգուշացնեն, որ «անհեթեթ է յաւակնիլ, թէ կարելի է լռեցնել Եկեղեցւոյ ձայնը, որովհետեւ ան, ինչպէս ընկերութեան մնացեալ մասը, իրաւունք եւ պարտականութիւն ունի իր ձայնը լսելի դարձնել երբ վտանգուած են ընկերութեան հիմերը։»

Ապա եպիսկոպոսները կը յայտնեն իրենց մտահոգութիւնը այն անտարբեր կեցուածքի նկատմամբ, որ կը ցուցաբերուի ամենէն աղքատներու ցաւին եւ տառապանքին հանդէպ։ Անոնք յատուկ կերպով կը դատապարտեն երիտասարդներու ընձեռուած պատեհութիւններու բացակայութիւնը, որուն հետեւանքով երիտասարդներուն վտանգ կը սպառնայ, որ անոնք զիջին «ոճրային կազմակերպութիւններու ընծայած առիթներուն, որոնք երիտասարդներուն կը թելադրեն կեանք մը առանց ճիգերու, առանց գործելակերպի սկզբունքներու եւ առանց բարոյականութեան։»

Նաեւ առողջապահութեան բաժանմունքի ծանր իրավիճակի խնդիրը անդրադարձ ունեցած է եպիսկոպոսներու մօտ։ Անոնք կը գրեն՝ «Բժշկական խնամքի եւ դեղորայքի մատչելիութիւնը սահմանափակուած է, եւ հիւանդանոցները կարիքն ունին յարմար անձնակազմի եւ մասնագիտական գործիքներու։» Հետեւաբար, կարեւոր է որ պետութեան քաղաքականութիւնը ունենայ համապարփակ մօտեցում մը՝ պատասխանելու ժողովուրդի ամենէն անյետաձգելի կարիքներուն։

Փանամայի եպիսկոպոսներուն համաձայն, հումքերու օրինաւոր կամ ապօրէն արտահանումի պատճառով յառաջացած անդարմանելի վնասները, որ հասցուած են երկրին եւ ջրային պահեստներուն, լուսարձակի տակ կը դնեն բնական եւ հանքային հումքերու շահագործման հակառակ որդեգրելիք լուրջ օրէնսդրութեան մը անյետաձգելիութիւնը։ Եպիսկոպոսները կը զգուշացնեն, թէ ըմպելի ջուրի անբաւարարութեան լուծում տալու նպատակով ամբարտակներ կառուցելու ծրագիրները պէտք է նախատեսեն յատկապէս տուեալ շրջաններու բնակչութեան համար ունեցած հետեւանքները։ Այս առընչութեամբ, եպիսկոպոսները կոչ կʼուղղեն իշխանութիւններուն, որ երաշխաւորեն քաղաքացիներու իրաւունքներու յարգանքը, եւ անոնց երկրի եւ սեփական տունի իրաւունքը։

Վերջապէս, եպիսկոպոսները կը հրաւիրեն, որ 2019 տարւոյն Միջազգային Երիտասարդութեան Օրը, որ տեղի պիտի ունենայ Փանամայի մէջ, ըլլայ Տիրոջ մերձեցումի առիթը մը, եւ մեկնակէտ երիտասարդական աշխարհի նոր աւետարանումին։








All the contents on this site are copyrighted ©.