2017-07-10 10:35:00

Ֆրանչիսկոս Պապին կիրակնօրեայ Մարեմեան աղօթքը` ''Յիսուս կ՛ըսէ ինծի եկէք''։


(Ռատիօ Վատիկան) Կիրակի 9 Յուլիս 2017-ի կէսօրին Ֆրանչիսկոս Պապ իր գրասենեակի պատուհանէն արտասանեց Մարեմեան աղօթքը, որուն ընթացքին ներկայացուց օրուան Աւետարանէն քաղուած խորհրդածութիւն մը,  ուր Յիսուս կ՛ըսէ ''Ինծի եկէք դուք ամէնքդ որ յոգնած կը հեծէք բեռին ծանրութեան տակ, ես ձեզի հանգիստ պիտի տամ''։

Տէրը, ըսաւ Քահանայապետը, այս խօսքը չէ վերապահած միայն իր բարեկամներուն, այլ զայն կ՛ուղղէ բոլոր անոնց որոնք յոգնած ու բեռնաւորուած են, առանց բացառութեան։ Տէրը արդարեւ գիտէ թէ կեանքը որքանով ծանր է։ Ան գիտակից է թէ շատ մը բաներ սիրտը կը ճմլեն, անցեալի վէրքեր եւ յուսախաբութիւններ, ինչպէս նաեւ ապագայի մտահոգութիւններ։

Այս բոլորին դիմաց Յիսուսի խօսքը հրաւէր մըն է` հրաւէր շարժումի մէջ դրուելու եւ հակազդելու։ Արդարեւ երբ հարցերը լաւ չեն ընթանար, սխալը անշարժ մնալն է, փակուած մնալն է, մինչ Յիսուս մեզ կը հրաւիրէ դուրս գալու այդ կացութենէն ու հրաւէր կ՛ուղղէ Իրեն երթալու''։

Փնտռենք Յիսուսը, ըսաւ ապա Նորին Սրբութիւնը, երթանք ողորմութեան առաքեալի մը մօտ, Քահանայի մը մօտ... Յիսուս այսօր եւս մեզմէ ամէն մէկուն կ՛ըսէ ''Քաջութիւն. Կեանքի բեռին տակ մի ընկճուիր, մի փակուիր վախի ու մեղքի մէջ­, այլ ինծի եկուր''։

Ան  մեզ կը սպասէ. Մեզ կը սպասէ ոչ թէ կախարդական կերպով լուծելու համար մեր հարցերը այլ մեզ աւելի քաջ դարձնելու` հարցերու դիմաց։ Յիսուս կեանքի բեռերը չի վերցներ մեր վրայէն, խաչը մեզմէ չի հեռացներ, այլ մեր հետ կը շալկէ զայն։  Եւ իրեն հետ բեռը նուազ ծանր կը դառնայ, որովհետեւ Ան մեր փնտռած յարուցեալն է, որ երբ մեր կեանքի մէջ մուտք կը գործէ իր հետ կը բեռէ նաեւ անդորրութիւնը։

''Երթանք ուրեմն Յիսուսին մօտ, Անոր նուիրենք մեր ժամանակը, անոր հանդիպինք ամէն օր աղօթքի մէջ, վստահելի երկխօսութեամբ, վերագտնելով Անոր ներումը, եւ մեր անօթութիւնը յագեցնելով Կեանքի հացով։ Մենք մեզ աւելի սիրուած ու մխիթարուած պիտի զգանք անոր հետ - ըսաւ Քահանայապետը շեշտելով թէ Յիսուս մեզի կ՛ըսէ. ''Ես ձեզի հանգիստ պիտի տամ''։

Այս մեր ուղեւորութեան մէջ մեզի թող օգնէ Սուրբ Կոյս Մարիամը մեր Մայրը, որ մշտապէս մեզի կը հոգայ երբ յոգնած ու բեռնաւորուած ենք, մեզ առաջնորդելով դէպի Յիսուս։

Մարեմեան աղօթքէն ետք Սրբազան Քահանայապետը ողջունեց, Մարեմեան աղօթքի առթիւ, Սուրբ Պետրոսի հրապարակին վրայ համախմբուած հաւատացեալները, գնահատելով անոնց քաջութիւնը, որ հակառակ տաքին չեն վհատած ուխտագնացութիւն կատարելու ու գտնուելու այստեղ։ Ան ապա յատուկէն ողջունեց զանազան ուխտաւորներու խումբեր ու բոլորին մաղթեց բարի կիրակի, ինչպէս միշտ խնդրելով որ չմոռնան աղօթել իրեն համար։








All the contents on this site are copyrighted ©.