2017-07-06 12:08:00

ՏԱՀԵՇ Իրաքի մէջ 200 թուրքմեն մահապատիժի կ՛ենթարկէ


ՏԱՀԵՇ Իրաքի Սինճար քաղաքի արեւմուտքը գտնուող Թելաֆըր գաւառին մէջ մահապատիժի ենթարկած է 200 թուրքմեն, որոնք շուրջ ամիսէ մը ի վեր իր մօտ կը պահէր իբրեւ պատանդ: Այս մասին, ըստ «Ազդակ»-ի, յայտարարած է Նինուէի փոխնահանգապետ Նուրէտտին Քապալան։

Քապալան յայտնեց, որ թուրքմենները մահապատիժի ենթարկուած են դէպի ապահով վայր փախչիլ փորձելնուն համար` աւելցնելով, որ զոհերուն շարքին են կիներ եւ մանուկներ: Անոնք ամբաստանուած են «խալիֆայութեան հողերը» լքելնուն համար:

Տեղական այլ աղբիւրներ նախապէս հաղորդած էին, որ ՏԱՀԵՇ-ի ոչ արաբ անդամները մահապատիժի ենթարկած են Թելաֆըրի մէջ ՏԱՀԵՇ-ի տեղացի վերջին ղեկավարը եւ ահաբեկչական խմբաւորումը ամբողջութեամբ առած իրենց վերահսկողութեան տակ:








All the contents on this site are copyrighted ©.