2017-07-06 08:45:00

Ռուսիա Պաքուէն պահանջած է դադրեցնել իր քաղաքացիներուն նկատմամբ խտրականութիւնը


Ռուսիա կը պահանջէ Ատրպէյճանի իշխանութիւններէն դադրեցնել խտրական վերաբերմունքը այդ երկիր ժամանող այն Ռուսիոյ քաղաքացիներուն նկատմամբ, որոնք ունին հայկական ազգանուն, կը փոխանցէ «Այսօր»-ը՝ վկայակոչելով ԹԱՍՍ-ը:

«Ստիպուած ենք հաստատելու, որ Ատրպէյճան ժամանող Ռուսիոյ քաղաքացիները, իսկապէս, խտրականութեան կ՛ենթարկուին էթնիկ հիմքի վրայ», – յայտարարած են Ռուսիոյ արտագին գործոց նախարարութենէն` կապուած շարք մը դէպքերու հետ:

«Կը շարունակենք պահանջել դադրեցնել այդ զայրացնող խտրական գործելաոճը, որ չի համապատասխաներ երկու երկրի միջեւ բարեկամական յարաբերութիւններուն: Բնականաբար, եզրակացութիւններ պիտի ընենք ստեղծուած իրադրութենէն», -նշած են  ռուսական դիւանագիտական գերատեսչութիւնէն:

Ինչպէս յայտնած են  Ռուսիոյ ԱԳ նախարարութենէն, այս  տարուան սկիզբէն  Ռուսաստանի 25 քաղաքացիի արգիլած են մուտք գործել Ատրպէյճան: Զանոնք քանի մը ժամով սպասել տուած են, որոշ պարագաներու նոյնիսկ առանց ուտելիքի, ջուրի եւ բժշկական օգնութեան, այնուհետեւ իրենց իսկ հաշուին ետ ուղարկած են: Որպէս պատճառաբանութիւն նշուած է անոնց հայկական ազգանունները, սակայն եղած են նաեւ դէպքեր, երբ «ռուսական ազգանուններով, անուններով ու հայրանուններով անձեր հարցաքննած են հայկական նախնիներ ունենալու փաստը բացայայտելու նպատակով»:

Ռուսիոն ԱԳՆ-էն յայտնած են, որ իրենք բազմաթիւն անգամներ, որոնց շարքին նաեւ պաշտօնական դիտողագիրներով պահանջած են դադրեցնել նման գործելաոճը, սակայն այդպէս ալ չեն ստացած բաւարարող պատասխան: «Ատրպէյճանի ԱԳՆ պատասխան դիտողագիրին մէջ կ՛ըսուի, որ «անցանկալի իրադարձութիւնները կանխելու նպատակով Ատրպէյճան ստիպուած է կիրառելու համապատասխան կարգաւորումներ շարք մը անձերու նկատմամբ», – նշած են  նախարարութենէն:








All the contents on this site are copyrighted ©.