2017-07-05 10:20:00

Սուրբ Աթոռի եւ Ալ Ազհար համալսարանի ներկայացուցիչներու միջեւ հանդիպում


(Ռատիօ Վատիկան) Երեքշաբթի, 4 յուլիսին,Գահիրէի Պապական նուիրակութեան  պալատին մէջ տեղի ունեցաւ հանդիպում, Քահանայապետական  միջ-կրօնային երկխօսութեան խորհուրդի ու Ալզհար Ւսլամական կեդրոնի խորհուրդի միջեւ։

Վատիկանի վերոյիշեալ խորհուրդի կողմէ հրապարակուած հաղորդագրութեան մէջ նշուած  է , թէ հիմնուելով, 28 մայիս 1998-ին կնքուած համաձայնութեան, ինչպէս նաեւ Ֆրանչիսկոս Պապի  եւ Ալ Ազհար համալսարանի, Աւագ իմամ՝ Ահմետ Մուհամմատ Ալ Թայիպի, անցեալ 28 ապրիլին,  պատմական խաղաղութեան ի սպաս բանախօսութեան ընթացքին արտասանած ճառերուն վրայ,  Վատիկանի եւ Ալ Ազհար համալսարանի ներկայացուցիչներուն միջեւ տեղի ունեցած հանդիպումին ընթացքին, երկուստեք համախոհ գտնուած են  շարունակելու  միջ-կրօնային երկխօսութեան զարգացման եւ արդիւնաբեր դարձնելու  աշխատանքները, յատուկէն կեդրոնանալով խաղաղութեան կերտման եւ  աւելի արդար աշխարհ մը կառուցելու վրայ։ 








All the contents on this site are copyrighted ©.