2017-07-05 11:47:00

Ոչ եւս է Կարդինալ Ժոաքիմ Մեինսերը։


(Ռատիօ Վատիկան) Չորեքշաբթի, 5 յուլիս 2017-ին,  83 տարեկանին, իր մահկանացուն կնքեց, Քոլոնիա թեմի երբեմնի Արքեպիսկոպոս  Կարդինալ Ժոաքիմ Մեինսերը։

Ան ծնած էր 25 դեկտեմբեր 1933-ին Գերմանիոյ Վրոքլավ քաղաքին մէջ։ Իմաստասիրական եւ Աստուածաբանական ուսումները  աւարտելէ ետք  քահանայ ձեռնադրուած է  22 դեկտեմբեր 1962-ին։

Ապա Եպիսկոպոս  օծուած է Սուրբ Պօղոս Զ պապին օրով՝ 17 մայիս 1975-ին։  1988-2014 տարիներուն եղած է Քոլոնիա թեմի արքեպիսկոպոս։

Սուրբ Յովհաննէս Պօղսո Բ պապին օրով՝ 2 փետրուար 1983-ին, ստացած է կարդինալական տիտղոս ։

Որպէս կարդինալ մասնակցած է  քահանայապետ ընտրելու երկու կարդինալական ժողովներուն։ Առաջինը՝ 2005 թուականին, որուն ընթացքին  քահանայապետ ընտրուցեաւ Պենետիսկտոս ԺԶ քահանայապետը, իսկ երկրորդին՝  2013-ին, ընտրուցաւ  Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը։

Կարդինալ  Ժոաքիմ Մեինսերի մահով, կարդինալական դասը այժմ կազմուած է 224 կարդինալներով, 112 քահանայապետ ընտրելու իրաւունք ունեցող ծիրանաւորներ եւ 103՝ ոչ  իրաւունք ունեցող կարդինալներ։

Ծիրանաւորին մահուան ի լուր, Ֆրանչիկսոս Պապ ցաւակցան հեռագիր մը յղեց Քոլոնիա թեմի արքեպիսկոպոս Կարդինալ Ռայներ Վուելքիին, որուն մէջ իր խորին ցաւակցութիւնը յայտնած է ծիրանաւորին չսպասուած եւ անակնակալ մահուան համար, նշելով թէ ննջեցեալը, եկեղեցւոյ հանդէպ ունեցած  խոր հաւատքով  եւ անկեղծ սիրով  ինքզինք նուիրած էր բարի լուրին հռչակումին ի սպաս ։

՝՝Քրիոսոտ մեր Տէրը թող վարձատրէ ննջեցեալին հաւատարիմ եւ քաջարի յանձնառութեան համար,  արեւելեամ եւ արեւմտեան մարդոց նկատմամբ  եւ զինք մասնկից դարձնէ երկնքին մէջ սուրբերու հաղորդութեան։՝՝  գրած է Ֆրանչիսկոս Պապ  ցաւակցական հեռագիրին մէջ։ 








All the contents on this site are copyrighted ©.