2017-07-05 09:18:00

Մոսուլի Ասորի Օրթոտոքս Ս. Թովմաս Եկեղեցւոյ վնասները


(Ռատիօ Վատիկան)  Մոսուլի Ս. Թովմաս Ասորի Օրթոտոքս եկեղեցին շատ մը վնասներ կրած է Տաhէշի կողմէ, սակայն զարմանալի կերպով անոր արտաքին պատերը մնացած են անվնաս։ Նախ քան Տահէշի մուտքը քաղաք, Ս. Թովմաս առաքեալի մասունքները փոխադրուած էին Ս. Մատթէոսի վանքը։ Եկեղեցւոյ արտաքինը մնացած է անվնաս ըստ «Մոսուլի Յուշարձանները Վտանգուած» խմբակի տեղեկութիւններուն։ Սակայն եկեղեցւոյ ներսը կը տիրէ քաոս եւ աւեր, պատերը աղտոտած են գրութիւններով։ Տահէշը եկեղեցին գործածած էր իբր զինուորական կայք։

Ս. Թովմաս եկեղեցին հաւանաբար Մոսուլի ամենէն հին եկեղեցին է։ Ըստ աւանդութեան եկեղեցւոյ կառուցման վայրը եղած է Թովմաս առաքեալի բնակարանը, երբ ան կը գտնուէր Միջագետքի մէջ։

Երեք տարի առաջ Ասորի Օրթոտոքս մետրապոլիտը յաջողած էր մասունքները յանձնել Ս. Մատթէոս վանքին, զանոնք ապահովելով Տահէշի յարձակումին դէմ։

Ս. Թովմաս եկեղեցւոյ մօտ կը գտնուի Ալ Նուրի մզկիթը, զոր Տահէշի ահաբեկիչները պայթեցուցած էին տարւոյս Յունիս ամսոյն։ Մզկիթը շինուած  է 12րդ դարու վերջը՝ եկեղեցւոյ մը տեղը, եւ նկատուած է Մոսուլի մահմետական ամենէն կարեւոր կառոյցներէն մին։








All the contents on this site are copyrighted ©.