2017-07-04 08:55:00

Կարմիր խաչի միջազգային կոմիտէի ներկայացուցիչները Ազրպէյճանի մէջ այցելած են Հայ գերիին


Կարմիր խաչի միջազգային կոմիտէի Պաքուի գրասենեակի ներկայացուցիչները այցելած են Ազրպէյճանի մէջ գերի առնուած  Հայաստանի քաղաքացի Զաւէն Կարապետեանին:

«Արմէնփրես», վկայակոչելով Կարմիր խաչի միջազգային կոմիտէի երեւանեան պատուիրակութեան հաղորդակցութեան ծրագիրներու ղեկավար Զառա Ամատունին, կը տեղեկացնէ, որ այցելութիւնը տեղի ունեցած է 1 յուլիսին:

1974-ի ծնունդ Զաւէն Կարապետեան Ազրպէյճան յայտնուած է 20 յունիսի երեկոյեան` հատելով հայ-ազրպէյճանական սահմանը: Ան ունի մտային  խնդիրներ:








All the contents on this site are copyrighted ©.