2017-07-04 09:12:00

Լիբանանէն Հռոմ կը հասնին այլ 52 գաղթականներ՝ շնորհիւ Սան Էճիտիոյ հասարակութեան


(Ռատիօ Վատիկան) Երեքշաբթի, 4 յուլիս 2017-ին, Լիբանանէն  Հռոմի միջազգային  օդակայան կը հասնին աւել քան 52 գաղթականներ,  շնորհիւ Սան Էճիտիոյ հասրակութեան եւ Ւտալական բողոքական եկեղեցիներու մարդասիրական օժանդակութիւններուն ։

Ընտանիքներէ բաղկացած Հռոմ հասած գաղթականներու թիւ այժմ կը հաշուէ  աւելիք քան 850 մարդիկ, որոնք ապահով եւ օրինաւոր ձեւով Ւտալիա հասան, սկսեալ  անցեալ տարի  2016-ին փետրուար ամիսէն,  , համագործակցութեամբ Ւտալիոյ ներքին եւ արտաքին գործոց նախարարութիւններուն։  Նշենք թէ , չորեքշաբթի,  5 յուլիս 2017-ին,   Փարիզի միջազգային օդակայանին մէջ նաեւ  նախատեսուած է   որ հասնին  այլ գաղթականներու խումբ մը շնորհիւ  մարդկային բարեսիրական օժանդակութիւններուն։  








All the contents on this site are copyrighted ©.